Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս նամակ գրած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովին՝
ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի օդակայանին հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն պաշտօնական Պաքուի դիմումին:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Էլման Ապտուլայեւ «1news»ին փոխանցեց, որ Ֆապիւս նշած է, որ կողմերը պէտք է խուսափին այնպիսի քայլերէն, որոնք կրնան յանգեցնել շըրջանին մէջ իրավիճակի հետագայ սրումին: