Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով  այսօր Նոյեմբեր 29-ին պաշտօնական այցով Հայաստան ժամանեց Թուրքմենստանի նախագահ Գուրբանգուլի Բերդիմուհամեդովը:  «Զուարթնոց» օդանաւակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ ՀՀ  նախագահին կողմէ:


Թուրքմենստանի նախագահը այցի ծիրէն ներս հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի նախագահի, Ազգային ժողովի նախագահի ու վարչապետի հետ: Կը նախատեսուի շարք մը բնագաւառներու  մէջ երկու երկիրներու միջեւ համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման ուղղուած փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն:
Հայ-թուրքմենական բարձր մակարդակի շփումները նոր թափ պիտի ստանան այս այցելութեամբ:
ՀՀ նախագահը այս առիթով ըսած է թէ  Հայաստանը բարձր կը գնահատէ երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւնները ու անոնց յատուկ նշանակութիւն կուտայ: ՀՀ նախագահը ընդգծած է ուժանիւթի, փոխադրութեան,  գիւղատնտեսութեան,  արդիւնաբերութեան մարզերուն մէջ  հա-մագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: