Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի մէջ կարծես այլեւս աւանդութիւն դարձած է Նոյեմբեր 27ի օրը յիշատակել մեծանուն հայ Եղիշէ Չարենցի յիշատակը:

Մայրաքաղաքի հանրակրթական շարք մը դպրոցներու աշակերտներ երէկ Նոյեմբեր 27-ին դարձեալ հաւաքուեցան հայ մեծագոյն գրող Եղիշէ Չարենցի յուշարձանի մօտ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու մեծ բանաստեղծի յիշատակին:
Չարենցի մահուան 75 ամեակին նուիրուած միջոցառման կազմակերպիչը՝ Հայաստանի գրողներու միութիւնն է: «Արմէնփրէս»ի փոխանցմամբ՝ ՀԳՄ նախագահ Լեւոն Անանեանը յիշեցուց, որ Չարենցը հրապարակ իջաւ յատուկ առաքելութեամբ՝  ներկայացնելու հայ ժողովուրդի հոգեբանութիւնը, մտածելակերպը, բնաւորութիւնը: «Խառնակ ժամանակաշրջանում ազգային հանճարն իրականացրեց իւրատեսակ առաքելութիւն»,- ըսաւ Լեւոն Անանեանը՝ շեշտելով, որ Չարենցը միշտ արդիական է: «Չարենցն արեց աւելին, քան կարող էր անել մի անհատականութիւնը»,- ըսաւ Լեւոն Անանեանը:
Չարենցի տուն-թանգարանի տնօրէն Լիլիթ Յակոբեանը նշեց, որ Նոյեմբեր 27-ը ոչ թէ մահուան հերթական տարելիցի օր է, այլ՝ յիշատակի ու յաւերժութեան: «Մինչ Չարենցի բանաստեղծութիւնները կենդանի են եւ հնչում են հայ դպրոցականների շուրթերից՝ նշանակում է Չարենցը կենդանի է. նա անմահ է»,- ըսաւ Լիլիթ Յակոբեանը՝ աւելցնելով, որ Չարենցը դարերուն կը պատկանի եւ յաւէտ պէտք է շարունակէ իր երթը:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ թանգարանին մէջ օրուայ ընթացքին կը բացուի ցուցահանդէս, ուր կը ներկայացուի, թէ ինչ կը գրէր 1930-ական թուականներու մամուլը բանաստեղծի մասին:
Միջոցառման ընթացքին հնչեցին չարենցեան ստեղծագործութիւններ: