Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ծաղկաձորի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի խօսքերը՝ ուղղուած համախմբուած երիտասարդութեան, իսկական իրարանձում յառաջացուցին Թուրքիոյ մէջ։ Անոնց փութաց պատասխանելու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ «գրգռութիւն» բնորոշելով Հայաստանի նախագահի խօսքերը, ապա անմիջապէս, Պաքուէն, Թուրքիոյ վարչապետը, երբ Ատրպէյճանի նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը տուին։


Իրարանձումը տեւեց մօտ մէկ շաբաթ, երբ իրարայաջորդ յայտարարութիւններով թուրք պաշտօնատարներ առիթը չկորսնցուցին իրենց քարոզչութիւնը կատարելու։ Անգարայէն շարունակուեցան քննադատական խօսքերը, վերջին անգամ Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիւլէնտ Արընչի բերնով, որ թոյլատրելի սահմանները անցնելով, վիրաւորական կոպիտ արտայայտութիւններ ունեցաւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հասցէին։ «Սարգսեանի ելոյթը ներքին լսարանի համար էր։ Իսկ մեր վարչապետը տուաւ արժանի պատասխանը։ Թուրքիան հզօր պետութիւն է, ոչ ոք կրնայ Թուրքիոյ, մեր սարերուն, մեր դաշտերուն ու ջուրերուն ծուռ նայիլ» ըսաւ Արընչ։
Անշուշտ հայկական կողմէն պատասխաններ տրուեցան, առաջին ըլլալով նոյնինքն ՀՀ նախագահի պատասխանը (տեսնել Ուրբաթ օրուան մեր թիւը, Լեհաստանի նախագահին հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին), ապա Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանի կողմէ, որ մեկնաբանելով Թուրքիոյ վարչապետին եւ արտաքին գործոց նախարարութեան քննադատութիւնները՝ նշեց որ Սերժ Սարգսեանի խօսքերուն առընչութեամբ թուրքերու բարձրացուցած շահագրգռութիւնը շինծու էր։

«Արտաքին Գործոց նախարարութեան մօտեցումը տկար էր» կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան emedia.am կայքէջին հետ զրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութիւնները մեկնաբանելով ըսած է, որ անոնք շատ յղփացած մարդու յայտարարութիւններ են:
Ամէն պարագայի, ասիկա արդէն քանիերորդ առիթն է, որ Հայաստանը ըսէ, թէ նման դրացիի հետ մեր բանակցութիւնները ձախողած են անոր պատճառով, եւ Հայաստան իր ստորագրութիւնը ետ վերցնէ (Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւններէն), նշած է Մանոյեան:
Անդրադառնալով Հայաստանի նախագահի յայտարարութեան վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան արձագանգին՝ Կ. Մանոյեան ըսած է, որ ատիկա տկար մօտեցում էր: «Օրինակ՝ Թուրքիոյ «Ակօս» հայերէնով շաբաթաթերթը շատ աւելի պատուաւոր ձեւով արձագանգած է, եւ ճիշդ չէ, որ Թուրքիոյ վարչապետին այս պահուածքը Հայաստանի մէջ կ՛արժանանայ նման պատասխանի», ընդգծած է Մանոյեան:
Ինչ կը վերաբերի հայկական նիւթերու ողիմպիականին մասնակից աշակերտներէն մէկուն հարցումին նախագահ Սերժ Սարգսեանի տուած պատասխանին, Կ. Մանոյեան զայն նկատած է «հայրական»: «Պատասխանը չափազանցուած չէր, պարզապէս այն շեշտադրումը, որ նախագահը կատարած էր, որ յաճախ հողի չափերով երկրի կշիռը չ՛որոշուիր, այդ մասը կը կարծեմ խոցելի է, իսկ մնացեալը բաւական նախագահի յարիր, հայրական պատասխան էր: Անպատշաճ ոչինչ կար», ընդգծած է Մանոյեան: