Դեկտեմբերին Տուպլինի մէջ խորհրդաժողովին առիթով՝
Նալպանդեան-Մամետիարով հանդիպումի հնարաւորութիւնը քննարկուեցաւ
Անցեալ շաբաթավերջին Երեւան հասան ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի նախագահները, ուր ընդունուեցան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդվարդ Նալբանդեանի կողմէ:
Ռոպերթ Պրաթքի, Իկոր Փոփով, Ժաք Ֆոր եւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ զրոյց ունեցան ՀՀ արտաքին գործոց
նախարարին հետ, ուր ան համանախագահներու ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ շարունակաբար կատարուող սադրիչ յայտարարութիւններուն վրայ՝ նշելով, թէ որքան ալ անոնք ներքին օգտագործման համար ըլլան, սակայն լուրջ վնաս կը հասցնեն բանակցային գործընթացին, ու կը սրեն տարածաշրջանէն ներս տիրող իրավիճակը:
Համանախագահները Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ներկայացուցին Ստեփանակերտի մէջ Արցախի նախագահին հետ ունեցած իրեն հանդիպման արդիւնքները եւ շփման գծին վրայ լարուածութեան նուազեցման ուղղուած իրենց առաջարկութիւնները։
Զրուցակիցները քննարկեցին Դեկտեմբերին Տուպլինի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եւ եռանախագահներու միջեւ հանդիպման հնարաւորութիւնը։