Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Էրեբունի» բանտին մէջ աշխարհահռչակ ճատրակի մարզիկներ Լեւոն Արոնեան եւ Սերգէյ Մովսիսեան միեւնոյն ատեն ճատրակ խաղացած են 16 դատապարտեալներու հետ: Որոշ դատապարտեալներ լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տուած են՝ ընդդէմ վարպետներուն: Լեւոն

Արոնեանը խաղի աւարտին մասնակիցներուն բաժնած է իր մասին գրուած գիրքեր:
Ճատրակի խաղերուն հետեւող Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան կարեւոր նկատած է նման նախաձեռնութիւններու կայացումը: Թովմասեանը խոստացած է երեք լաւագոյն խաղացողները քաջալերել՝ մէկական արտակարգ երկարատեւ տեսակցութեան իրաւունքով: «Յոյսով եմ, որ նման միջոցառումների անցկացումը կ՛օգնի ինչ-որ նոր բան մտցնել դատապարտեալների միապաղաղ առօրեայում», յայտնած է նախարարը:
Առաջին քրէակատարողական վարչութեան ընկերային, հոգեբանական եւ իրաւաբանական աշխատանքներու գծով բաժնի պետ, փոխգնդապետ Արայիկ Ստեփանեան եւս կարեւոր նկատեց նման միջոցառումներու կայացումը: «Նման միջոցառումների անցկացումը դրական է անդրադառնում դատապարտեալների սոցիալ-հոգեբանական վիճակի վրայ եւ նպաստում հասարակութեանը նրանց արագ ինտէգրմանը», նշած է ան։
Դատապարտեալները շնորհակալութիւն յայտնած են զոյգ անուանի խաղացողներուն եւ իրենց ձեռքով պատրաստուած նուէրներ յանձնած են արդարադատութեան նախարարին, Լեւոն Արոնեանի մօրը եւ լրագրող Ռուդիկ Բարսեղեանին: