Յունուար 2013-ին Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ պիտի ստորագրուի վիզային վարչակարգը մեղմացնող համաձայնագիր, որուն կէտերը արդէն քննարկուած են:
Lրագրողներուն համար նախատեսուած «Եւրոպական դրացնութեան տարածաշրջանային տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցման 2011-2013թթ. ծրագիր»-ի ծիրէն ներս յայտարարած է Հայաստանի մէջ եւրոպական պատուիրակութեան քաղաքական հարցերու բաժնի ղեկավար Օննօ Սիմոնս:
«Եւրոպական Միութիւնը կը խրախուսէ Հայաստանի եւ Եւրոպայի միջեւ կապերու ուժեղացումը», - ըսած է Սիմոնս, կը հաղորդէ panorama.am կայքը: Ըստ անոր՝ շէնկենեան երկիրներ մեկնելու վիզային գինը 60 եւրոյէն պիտի իջնէ 30 եւրոյի: Աւելին, որոշ խումբերու համար վիզան պիտի ըլլայ անվճար, իսկ մուտքի թոյլտուութեան ստացման գործընթացը աւելի դիւրին պիտի ըլլայ:
Բացի այդ, համաձայնագրի ստորագրումը անոր խօսքով, բաւական պիտի դիւրացնէ նաեւ հայկական արտադրանքի արտահանումը Եւրոպա: Բայց արտադրանքը պէտք է համապատասխանէ եւրոպական չափանիշներուն:
«Հայաստանի մէջ համապատասխան քննութենէ ետք արտադրանքի համար «կանաչ լոյս» կը վառի Եւրոպայի մէջ»,- նկատեց դիւանագէտը՝ միեւնոյն ժամանակ նշելով, որ արտադրողները ստիպուած պիտի ըլլան բարձրացնել իրենց արտադրանքին որակը, ինչ որ նաեւ մեծ օգուտ է սեփական երկրի քաղաքացիներուն համար: