Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ, 20 Նոյեմբերին իր աշխատանքները աւարտեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հրաւիրած  «21-րդ դարու մարտահրաւէրները եւ Հայաստանի անվտանգութեան հիմնախնդիրները» խորագիրով քաղաքագէտներու եւ միջազգայնագէտներու համաժողովը:


Համաժողովի երկրորդ օրուան զեկոյցները «յիշողութեան քաղաքականութիւնը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը. արդի մարտահրաւէրներ եւ ռիսկեր» խորագիրով էին: Գերմանիոյ Ղուհրի համալսարանի Սփիւռքի եւ Ցեղասպանութեան հետազօտութիւններու հիմնարկիի տնօրէն Միհրան Տապաղը խօսեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշողութեան, համընդհանուր մարտահրաւէրներու մասին:
Ֆրանսայի Ռոն Ալպի տարածաշրջանային խորհրդական Հիլտա Չոպոյեան ներկայացուց Եւրոպայի մէջ հայկական յիշողութեան քաղաքական մարտահրաւէրները:
«Տարածքային պահանջատիրութիւնը որպէս Հայ Դատի բաղադրիչ» թեմայով զեկոյցով հանդէս եկաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանի պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանը:
ՀՀ ԳԱԱ արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեան ներկայացուց ներկայ փուլին Հայկական Հարցը եւ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերի գրասենեակի տնօրէն Կիրօ Մանոյեանը հանդէս եկաւ «Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներն ու Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման իրաւական թղթածրարը» թեմայով զեկոյցով:
ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի տնօրէն  Աշոտ Մելքոնեանը  ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան խնդիրը Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան ծիրէն ներս: ՀՀ ԱԺ պատգամաւոր Թեւան Պօղոսեանը խօսեցաւ 2015-ին ընդառաջ մարտահրաւէրներու եւ ռիսկերու վերաբերեալ: «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնի նախագահ Արա Պապեան  ներկայացուց «Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացումը իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեանն ուղղուած  մարտահրաւէրներու չէզոքացման միակ ուղի» զեկոյցը:
Մասնակիցներու զեկոյցներէն ետք տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակութիւն, քննարկուեցան առաջադրուած տեսակէտներն ու առաջարկները:
Քաղաքագէտներու եւ միջազգայնագէտներու համահայկական համաժողովի աւարտին Հրանուշ Յակոբեան իր ամփոփիչ խօսքին մէջ մասնաւորապէս նշեց. «այս համաժողովը հարթակ էր հայ քաղաքագէտների ու միջազգայնագէտների համար՝ ներկայացնելու Հայաստանի անվտանգութեան հարցերի շուրջ իրենց տեսակէտներն ու մօտեցումները: Սփիւռքի նախարարութեան առաքելութիւններից մէկը մասնագիտական ցանցերի ստեղծումն է. այսպիսով մենք հնարաւորութիւն ունեցանք եւս մի ցանց ստեղծել եւ համահայկական հարցերի շուրջ սկսել մասնագիտական կարեւոր երկխօսութիւն»:
Համաժողովի աւարտին մասնակիցները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր: