1
7 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի եւ Օրինաց երկիր կուսակցութեան ներկայացուցիչներու հանդիպում‘ ներկայութեամբ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչներ Արմէն Ռուստամեանի, Աղուան Վարդանեանի եւ Արսէն Համբարձումեանի,
իսկ Օրինաց երկիրէն‘ փոխնախագահներ Հեղինէ Բիշարեանի եւ Մհեր Շահգելդեանի: Հանդիպումին հիմնական նիւթը եղած է Դաշնակցութեան 7 կէտերէ բաղկացած առաջարկները:
«Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Աղուան Վարդանեան դիտել տուած է, որ Օրինաց երկիրի ներկայացուցիչներուն հետ կայացած այս խորհրդակցական հանդիպումին առնչուող պաշտօնական տեսակէտը պիտի արտայայտէ կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը: Անոր համաձայն, Օրինաց երկիրի կեցուածքը յստակ է առաջադրուած երկու հարցերու‘ 100 տոկոսանոց համամասնական ընտրակարգի եւ կառավարման խորհրդարանական համակարգին վերաբերեալ, ուստի այս հանդիպումին աւելի մանրամասն կերպով խօսուած է միւս 5 կէտերուն մասին:
«Ներկայացուցինք իւրաքանչիւր կէտի, սկզբունքի, դրոյթի առաջադրանքը, մեր պարզաբանումը, որպէսզի աւելի ամբողջական պատկերացում կազմեն: Բնականաբար, այս քննարկումը նախնական էր, բայց առաջին տպաւորութեամբ կարելի է ըսել, որ որոշ կէտերու վերաբերեալ կար մօտեցումներու նոյնացում, իսկ այլ կէտերու վերաբերեալ‘ ընդհանրութիւններ», նշած է Վարդանեան:
ՀՅԴ-ն այս խորհրդակցական հանդիպումներէն ետք պիտի կայացնէ լայնածաւալ քննարկումներ‘ հասարակութեան աշխուժ հատուածի, փորձագէտներու, կուսակցութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու, լրատուամիջոցներու մասնակցութեամբ. այս քննարկումներուն մասնակցելու պատրաստակամութիւն յայտնած է նաեւ Օրինաց երկիրը:
Աղուան Վարդանեան վստահեցուցած է, որ Դաշնակցութիւնը համահաւասար մօտեցում ունի քաղաքական դաշտի բոլոր ուժերուն նկատմամբ, անկախ անոնց դիրքէն: