Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ուրուկուէյի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Խորխէ Օրիքոն, որ պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, 13 Նոյեմբերին մեկնած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն:

Ստեփանակերտի մէջ նախագահ Օրիքոնը դիմաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան:
Բարձրաստիճան օտար հիւրը դիմաւորելու համար, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ հոծ բազմութիւն մը հաւաքուած էր: Ուրուկուէյի խորհրդարանի նախագահին կ՛ընկերանային ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանը եւ Ուրուկուէյի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչները:

Նախագահ Բակօ Սահակեան նախագահ Օրիքոնի հետ քննարկած է Արցախ-Ուրուկուէյ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման առնչուող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Արցախի նախագահը բարձր  գնահատած է Ուրուկուէյի ներդրումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցին մէջ, ինչպէս նաեւ այդ երկրի հաւասարակշռուած քաղաքականութիւնը՝ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ:
Հանդիպման ներկայ եղած են ԼՂՀ Ազգային ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեան, Ուրուկուէյի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Մելիքեան, ՀՀ ԱԺ պատգամաւորներ, Ուրուկուէյի Հայ Դատի գրասենեակի ներկայացուցիչներ եւ այլ պաշտօնատար անձինք:
Անցեալ Սեպտեմբերին, Ուրուկուէյի արտաքին գործոց նախարար Լուիս Ալմակրօն յայտարարած էր, թէ իր կառավարութիւնը ձեռնարկած է Արցախի կարգավիճակի մասին յայտարարութեան մը մշակման գործին: Ալմակրօ այդ առթիւ յայտնած էր, թէ ինք անձնապէս համոզուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղը պատմական Հայաստանին մաս կը կազմէ եւ որ ան պէտք է անկախ ըլլայ ու կարճ ժամանակամիջոց մը ետք միանայ Հայաստանին:
Ալմակրօն այս յայտարարութիւնը կատարած էր Հարաւային Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած խորհըրդաժողովի մը ընթացքին:

Լրագրողներու հետ կայացած զրոյցի ընթացքին, հարց տրուեցաւ հիւրերուն, թէ «Ուրուկուէյ առաջին երկիրն էր, որ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հնարաւո՞ր է արդեօք, որ Ուրուկուէյ նաեւ առաջինը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը»: Պատասխանը եկաւ Ուրուկուէյի խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի անդամ Ռուբէն Մարտինես Ուելմոնի կողմէ. ան ըսաւ.-‘-Անկեղծօրէն կրնամ ըսել, որպէս տեսական պատասխան՝ ԱՅՈ: Սակայն սա քաղաքական գործընթաց է, եւ պէտք է քայլ առ քայլ ընթանալ: Բոլոր քայլերը պետք է հաւաքենք եւ ներկայացնենք փաստարկներ. այդ փաստարկներն ալ  ներկայացնել քաղաքական ուժերուն: