Ինչպէս նախորդ օրերուն հաղորցած էինք, Հայաստանի մէջ Դեկտեմբեր 11-էն պիտի սկսի գործելու Եւրոպայի մեծագոյն օդանաւային ընկերութիւններէն մէկը՝ «Ալիթալիան»:
9 Նոյեմբերին Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին «Ալիթալիա»ի Ռուսիոյ, Ուքրանիոյ, Պելոռուսի, Վրաստանի եւ Հայաստանի գլխաւոր տնօրէն Ճովանի Սիմոնինի յայտարարեց, որ «A320» օդանաւով շաբաթական երկու թռիչք պիտի կատարուի։ Հայաստանի մէջ ընկերութեան վաճառքի եւ ծառայութիւններու գործակալը «Ֆեստա թուր աւիա» ընկերութիւնն է:
Հռոմ-Երեւան թռիչքները պիտի կատարուին Երեքշաբթի եւ Ուրբաթ, իսկ Երեւան-Հռոմ թռիչքները՝ Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ օրերը, անոնք պիտի տեւեն մօտ 4 ժամ: Սիմոնինիի համաձայն, իրենք «շատ մրցունակ» գիներ կ՛առաջարկեն (երկկողմանի տոմսին արժէքը դէպի Հռոմ՝ 299 եւրօ) (380 տոլար), քանի որ նոր ուղղութիւն կը բացուի եւ պէտք է ճամբորդները ներգրաւել։
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ է կարծիքը «Զուարթնոց»ի սպասարկման գիներուն մասին, որոնցմէ անընդհատ կը բողոքէ Հայաստանի ազգային օդանաւորդութեան «Արմաւիա» ընկերութիւնը՝ Սիմոնինի յայտնեց, որ իրենք շատ գոհ են օդակայանին հետ կնքուած համաձայնագիրէն։ Ան դիտել տուաւ, որ տեղեկութիւն չունի այն մասին, որ ընկերութիւնը կը փափաքի «Արմաւիա»ն գնել։
Ասուլիսին ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ դեսպան Պրունօ Սքափինին, որ նկատել տուած է, թէ «Ալիթալիա»ի գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ «պատմական կարեւոր հանգրուան է» երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով:
«Նկատի ունենալով, որ Հայաստանը դէպի ծով ելք չունեցող պետութիւն է, եւ նկատի ունենալով սահմաններուն վիճակը, կը կարծեմ, թէ իր այս որոշումով «Ալիթալիա»ն պիտի օժանդակէ Հայաստանի տնտեսութեան եւ միջազգային յարաբերութիւններու զարգացման», յայտնած է դեսպանը։