Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Այսօր տեղի պիտի ունենայ հայազգի զինծառայող Սեւակ Շահին Բալըքչըի սպանութեան գործով առաջին դատական նիստը: Այս մասին կը տեղեկացնէ ETHA գործակալութիւնը:


Տիարպեքիրի ռազմական դատախազութիւնը կը պահանջէ զինծառայող Քըվանչ Աղաօղլուին, որ կը մեղադրուի Սեւակ Շահին Բալըքչըին սպանելու համար, «անզգոյշ սպանութեան» յօդուածի յատկանիշներով դատապարտել մինչեւ 9 տարուայ ազատազրկման: Իսկ հայազգի զինուորի ընտանիքի փաստաբան Իսմայիլ Ջեմ Հալավուրթը դատական նիստին պիտի պահանջէ Աղաօղլուին դատապարտել «կանխամտածուած սպանութեան» համար:
Յիշեցնենք, որ Սեւակ Շահին Բալըքչըն զոհուած էր ընթացիկ տարուայ Ապրիլ 24-ին Բաթմանի Քոզլուք շրջանի զօրամասէն ներս։ Ըստ պաշտօնական վարկածի՝ ան մահացաւ իր ծառայակցին կողմէ ինգնաձիգէն պատահաբար արձակուած գնդակէն ստացած ծանր մարմնական վնասուածքի հետեւանքով: Սակայն աւելի ուշ մամուլին մէջ տեղեկութիւններ յայտնուած էին այն մասին, որ Բալըքչըն ծառայութեան ընթացքին ծեծի ենթարկուած էր իր հրամանատարին կողմէ։ Զօրամասէն ներս նոյնիսկ սպառնացած են այրել անոր:
Հետաքննութեան ընթացքին պարզուեցաւ, որ հայազգի զինուորին սպանած Քըվանչ Աղաօղլուն տարուած է ազգայնական գաղափարներով, որու մասին կը վկայեն՝ Facebook սոցիալական ցանցին մէջ թուրք զինծառայողի զետեղած ազգայնական բովանդակութեամբ հրապարակումները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան միութեան ռասիզմի ու խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը Սեւակ Շահին Բալըքչըի սպանութեան կապակցութեամբ հայց ներկայացուցած է դատարան ընդդէմ Թուրքիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապին: