ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Նոյեմբեր 11-ին եռօրեայ պաշտօնական այցով մեկնած է Ֆրանսայի Հանրապետութիւն: Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ Նախագահի մամլոյ գրասենեակը:
Սերժ Սարգսեան Փարիզի մէջ հանդիպումներ պիտի ունենայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտի, վարչապետ Ժան-Մարք Էրոյի, Ազգային ժողովի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնի, Ծերակոյտի նախագահ Ժան-Փիեռ Պէլի հետ: Կը Նախատեսւուի նաեւ հանդիպում Ֆրանսայի Ազգային ժողովի եւ Ծերակոյտի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան պատգամաւորական խումբերու անդամներու հետ:
Պաշտօնական այցի ծիրէն ներս Նախագահ Սերժ Սարգսեան պիտի այցելէ նաեւ Լիոն: