Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հրաւիրեց մամլոյ ասուլիս մը, որուն ժամանակ հրապարակուեցաւ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը:

«Մեր խնդիրը նախագահ ընտրելու հարցը չէ, այլ՝ որ գայ մարդ մը, որ պիտի հրաժարի նախագահական կառավարման համակարգէն: Ո՞վ կրնայ ասիկա ընել», լրագրողներուն հետ մամլոյ ասուլիսին ժամանակ յայտարարեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խըմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան: Նախագահի թեկնածուն պէտք է ըլլայ պետական մտածելակերպով, ճամբայ անցած մարդ, ամէնէն կարեւորը՝ վստահութիւն ներշնչէ, որ պիտի ստանձնէ այն ամէնը, ինչ որ կ՛առաջարկէ ՀՅԴ-ն իր յայտարարութեան մէջ‘ կէտ առ կէտ:
Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ ներկայացուցիչները շեշտեցին թէ երկար ժամանակէ մշակուած ծրագիր մըն է ներկայացուածը եւ անհրաժեշտ՝ երկրի ապագային համար: