Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կառավարութիւններուն միջեւ պիտի ստորագրուի պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարզի կազմակերպութիւններու արտադրական եւ ճարտարագիտական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր մը:

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմենփրես» լրատու գործակալութիւնը՝ նշելով, որ համաձայնագիրի նախագիծը ներառուած է գործադիրի 8 Նոյեմբերի վաղուայ նիստի օրակարգին մէջ:
Հիմնաւորման համաձայն, համաձայնագիրը ուղղուած է երկու երկիրներու պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարզի կազմակերպութիւններու արտադրական եւ ճարտարագիտական համագործակցութեան ապահովման:
Համաձայնագիրին կնքումով պիտի ստեղծուին նպաստաւոր պայմաններ երկու երկիրներուն միջեւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան մարզին մէջ երկարաժամկէտ համագործակցութեան համար:
«Համաձայնագիրին ծիրին մէջ իւրաքանչիւր տարի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի համապատասխան մարմիններուն միջեւ պիտի համաձայնեցուին փոխադարձ առաքումներու վերաբերեալ առաջարկները, ինչ որ պիտի դիւրացնէ տեղական արտադրանքին մուտքը Ռուսիոյ շուկայ, ինչպէս նաեւ վերջինիս արտադրանքի մուտքը Հայաստանի շուկայ: Նշուած հոլովոյթը կապուած է նաեւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ կազմակերպութիւններուն միջեւ փոխադարձ առաքումներուն վերաբերեալ պայմանագրային պարտաւորութիւններու ժամանակին եւ պատշաճ կատարման անհրաժեշտութեամբ, որ իր կարգին կապուած է երկու երկիրներուն միջեւ ցանկերու համաձայնեցման հոլովոյթի արդիւնաւէտութեամբ», նշուած է հիմնաւորման մէջ: