Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ 1 Նոյեմբերին, նախագահ Սարգսեանին իր հաւատարմագրերը յանձնած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Յունաստանի Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Իոաննիս Տաղիսը, ինչպէս կը տեղեկացնեն նախագահի գրասենեակի մամլոյ ծառայութենէն:


Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է դեսպանը՝ Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւնը սկսելու առիթով եւ յոյս յայտնած, որ իր գործունէութեամբ ան նշանակալի ներդրում պիտի ունենայ երկու բարեկամ ժողովուրդներու եւ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու առաւել ամրապնդման գործին մէջ: Նախագահը ընդգծած է, որ հայ-յունական յարաբերութիւնները հիմնուած են դարաւոր ու պատմականօրէն ձեւաւորուած աւանդոյթներու վրայ, եւ Հայաստան շահագրգռուած է այդ յարաբերութիւններու պահպանմամբ ու զարգացմամբ:
Դեսպան Իոաննիս Տաղիս վստահեցուցած է, որ ջանք պիտի չխնայէ  լաւագոյնս ծառայելու եւ իր կարողութիւնները ի սպաս դնելու՝ յանուն հայ եւ յոյն ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ երկու պետութիւններու միջեւ կապերու ամրապնդման: