Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- «Կանանց  նկատմամբ ընտանեկան բռնութեան կանխարգելումը Հայաստանում» համաժողովին ընթացքին իրաւաբան Աստղիկ Կարապետեան յայտնեց, որ  Հայաստանի մէջ կիները տակաւին կ՛ենթարկուին ֆիզիքական, սեռային, հոգեբանական եւ տնտեսական բռնութեան։ 

2012ի առաջին 9 ամիսներուն ընթացքին Կանանց իրաւունքներու կեդրոնի իրաւաբանական բաժինը ստացած է մօտ 700 հեռաձայնային դիմում-գանգատ։
«700 զանգահարողներից մօտ 300ն այցելել են կենտրոն, որոնցից 129ը  հետագայում հայցադիմում են ներկայացրել,  35-40ը ամուսնալուծութեան հայց են ներկայացրել: Իսկ մնացածը ալիմենտ, գոյքի բաժանում, եւ երեխայի բնակութեան վայրը հաստատելու վերաբերեալ են եղել»,   ըսաւ Աստղիկ Կարապետեանը:
Անոր համաձայն, նման իրավիճակի մէջ յայտնուած կիներ՝ ստանալով հոգեբանական եւ իրաւաբանական խորհրդատուութիւն, կը ծանօթանան իրենց  իրաւունքներուն, ինչ որ կը կանխարգիլէ հետագայ բռնութիւնները: Կան նաեւ պարագաներ, երբ մինչեւ ամուսնալուծութիւն ամուսինները կը փոխուին, կը զղջան իրենց կատարածին համար, եւ  կը շարունակեն միասին ապրիլ: «Յաճախ կանայք, երբ  մեզ դիմում են ոստիկանութիւնում արդէն դիմում բողոք գրած են լինում: Իսկ, եթէ չեն ցանկանում այդ ամէնի մասին բարձրաձայնել մենք երաշխաւորում ենք տեղեկատուութեան գաղտնիութիւնը», աւելցուցած է Աստղիկ Կարապետեանը:

Սեռերու Միջեւ Հաւասարութեան Իմաստով Հայաստան 92րդ Դիրքի Վրայ Է

Անցեալ շաբթու մէջ Համաշխարհային տնտեսական ֆորումը (WEF) հրապարակած է սեռերու միջեւ հաւասարութեան վարկանիշը՝ 135 երկիրներու մէջ, 4 բնագաւառներու վերաբերող՝ քաղաքականութիւն, աշխատանք եւ ասպարէզ, կրթութիւն եւ առողջապահութիւն, տղամարդոց եւ կիներու կարելիութիւններ:
«Տը Կլոպըլ ճենտըր քէփ 2012» զեկուցումին մէջ առաջին դիրքի վրայ է Իսլանտան, որուն կը յաջորդեն Ֆինլանտան, Նորվեկիան, Դանիան, Շուէտը, Իրլանտան:
Հայաստան ընդահուր ցանկին մէջ գրաւած է  92րդ դիրքը։ Նախորդ տարուան հետ բաղդատելով անիկա նահանջած է 8 դիրքով։ Հայաստանի դրացի Վրաստանը 85րդ, իսկ Ատրպէյճանը 99րդ դիրքերու վրայ են։
Ֆորումը կը շարունակէ հետեւիլ ծինային յարաբերակցութեան, քանի որ կիները կը կազմեն երկիրներու տաղանդներու հիմնական խարիսխը։
Իսկ տուեալ երկրի մրցունակութիւնը պայմանաւորուած է անով, թէ այդ երկիրը ինչպէ՛ս կը կրէ եւ կ՛օգտագործէ իր կիներուն ներուժը։