Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց երէկ երեկոյեան Երեւան վերադարձած ճատրակի խումբի ախոյեանները:

ՀՀ նախագահ, ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Ճատրակի աշխարհի 8-րդ խմբային ախոյեանութեան ընթացքին աշխարհի ախոյեանի տիտղոսին տիրացած Հայաստանի ճատրակի հաւաքականը‘ Լեւոն Արոնեանը, Սերկէյ Մովսիսեանը, Վլատիմիր Յակոբեանը, Գաբրիէլ Սարգսեանը, Ռոպերթ Յովհաննիսեանը, ինչպէս նաեւ մարզիչ Արշակ Պետրոսեանը:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց հաւաքականը՝ վերջինիս արձանագրած փայլուն յաղթանակին առիթով:

Վերամուտին նախակրթարաններու մէջ ճատրակ պիտի դասաւանդուի

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի կառավարութիւնը իր նախկին որոշումներէն մէկուն մէջ կատարած է որոշ փոփոխութիւններ, որոնց համաձայն, ՀՀ նախակրթարաններուն մէջ յառաջիկայ վերամուտէն սկսեալ ճատրակ պիտի դասաւանդուի: Երկրորդ, երրորդ ու չորրորդ դասարաններուն մէջ ճատրակի դասաւանդման համար նախատեսուած է շաբաթական երկուքական դասաժամ: