Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնը կը շարունակէ զարմանք պատճառել իր այցելուներուն՝ նոր ու հետաքրքրական քանդակներով։ Վերջերս կեդրոնի «Արծիւ» պարտէզի սրահին մէջ զետեղուեցաւ
գերիրապաշտ քանդակներու վարպետ Մարք Սիյանի (ծնեալ 1946-ին, Ամերիկա) «Աղախին Ռոզին» քանդակը, որ ստեղծուած է 2006-ին։ Դիտորդի առջեւ կանգնած է ժպտերես ու վառվռուն աչքերով աղախին Ռոզիի քանդակը, որ զարմանք կը պատճառէ իր անչափ կենդանի հայեացքով ու կեցուածքով։ Մարք Սիյան յայտնի է մարմնի մազերու մանրակրկիտ մշակումով, այն աստիճան, որ քանդակի մակերեւոյթը շատ կը նմանի մարդու մորթին։
Գաֆէսճեան պուրակի մէջ նոր բնակիչ մը եւս «յայտնուած է»։ Զետեղուած է չինացի ժամանակակից նկարիչ-քանդակագործ Եուէ Մինճունի անվերնագիր քանդակը։ Եուէ Մինճուն ընդհանրապէս ժպտացող կերպարներ կը քանդակէ։ Իր քանդակներու եւ կտաւներու մէջ ան միշտ կը պատկերէ ինքզինք՝ միշտ նոյն ժպիտով, որ դիտորդներու մէկ մասին անկեղծ կը թուի, միւս մասին՝ արուեստական ու ոչ¬համոզիչ, իսկ հեղինակը իր ժպտացող ինքնանկարներու մասին կþըսէ. «Ես կը փափաքիմ իմ գէշ մտածումները եւ զգացումները թաքցնել ծիծաղի ներքեւ»։ Ընդունուած է արուեստի իր ոճը սինիք-ռէալիզմ անուանել։
Քանդակ մը եւս պիտի հետաքրքրէ յատկապէս թէյի սիրահարներուն. պուրակի կեդրոնը կանգնած է փորթուկալցի ժամանակակից քանդակագործ-նկարիչ Ճոանա Վասքոնսէլոսի (ծնեալ 1971) թէյի ժանեկագործ մեծ տաղաւար մը։ Ճոանա իր արուեստի համար կ'ընտրէ առօրեայ իրեր։ Իր աշխատութիւնները դիւրին ընկալելի են, հոն կայ հիւմըր, երբեմն նաեւ տխրութիւն։ Ճոանայի մօտ կը գերակշռէ կանացի սկիզբ մը։
Ճոանայի աշխատանքները հիացում կը պատճառեն իրենց ասեղնագործ նրբութեամբ ու մանրակրկիտութեամբ։ Յիշեցնենք որ քանի մը օր առաջ, Գաֆէսճեան պուրակի մէջ զետեղուած էր նաեւ գոլոմպիացի նշանաւոր նկարիչ-քանդակագործ Ֆէրնանտօ Պոթէրոյի «Ծխող կինը» քանդակը, որ թեր ու դէմ բանավէճերու պատճառ դարձած էր ու բուռն քննարկումներ ծաւալած էին այն արձանի շուրջ։
ՆՈՐ ՔԱՆԴԱԿ
Համալիրի ամենավերին հարթակին վրայ տեղադրուած է նոր քանդակ մը՝ բրիտանացի արուեստագէտ Պրենտըն Հեսմընթհալգի «Հաւալուսինը հոյակապ թռչուն է» աշխատանքը: 2011 թուականի աշխատանքը պատրաստուած էր կաւէ: Գաֆէսճեանի հաւաքածոյի նոր նմուշին հեղինակը հիմնականին մէջ կենդանիներու քանդակներ կը պատրաստէ՝ կաւէ ու պրոնզէ։