Դանիոյ մայրաքաղաք Քոփենհակընի քաղաքապետարանին մէջ բացուած է «Ազգային ճարտարապետութեան ժամանակակից միտումները» խորագիրով միջազգային ճարտարապետական ցուցահանդէսը՝ Նորին թագաւորական մեծութիւն Արքայազն-կոնսորտի հովանիին տակ:
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած էր Քոփենհակընի քաղաքային Խորհուրդի, Քոփենհակընի մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու եւ Օտարերկրացիների մշակութային դաշնութեան (KUKS) կողմէ:
ԱԳՆ մամուլի եւ տեղեկատուութեան վարչութենէն նաեւ կը փոխանցեն, որ ցուցահանդէսին 27 դեսպանութիւններ ներկայացուցած են իրենց երկիրներու ճարտարապետութիւնը՝ ազգային իւրայատկութիւններով եւ ձեւերու բազմազանութեամբ:
Հայկական պատմական ճարտարապետական կոթողներու հետ միասին ցուցադրուած էին 1998 թուականին կառուցուած Ս. Վարդանանց նահատակաց եղեղեցւոյ (ճարտարապետներ՝ Ա.Մխիթարեան, Արթուր Մանուկեան, Արթուր Սուքիասեան), 2001-ին կառուցուած Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մուտք-խորանի (ճարտարապետներ՝ Ճիմ Թորոսեան եւ Ռոմէօ Ջուլհակեան) եւ Սուրբ Խաչ մատուռի (ճարտարապետ՝ Սարգիս Սարդարեան-Ջուլհակեան) լուսանկարները, ինչպէս նաեւ Սրբոց Թարգմանչաց եկեղեցւոյ ծրագիր-մրցոյթին մասնակցած ճարտարապետներ՝ Էրիկ Օհանեանի, Արման Ալավերտեանի, Ագաթա Յարութիւնեանի, Անոյշ Յարութիւնեանի ու Կարէն Պալայեան-Ջուլհակեանի նախագիծերը:
Ցուցահանդէսին հայկական ճարտարապետութեան պատմութեան բաժինը ներկայացուած էր ուրարտական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը՝ ընդգծելով Հայաստանը իբրեւ քրիստոնէական ճարտարապետութեան օրրան, ինչպէս նաեւ նշելով բիւզանդական եւ իսլամական ճարտարապետութեան մէջ հայ ճարտարապետներու ու արհեստաւորներու մշտապէս ձգած ուշագրաւ հետքերուն մասին:
ՀՀ դեսպանութեան վահանակի հետ միասին ցուցադրուած էին հայկական տուֆ քարերու նմուշները եւ դանիացի ճարտարապետ Պէորն Եորկենսընի «Լոյսի մասնիկներ սեւ այգիի շուրջ. կովկասեան եկեղեցին արեւելքի եւ արեւմուտքի խաչմէրուկուն» դանիերէն լեզուով գիրք-ալպոմը, որ ամբողջութեամբ նուիրուած է հայկական եկեղեցական ճարտարապետութեան: