Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԳԻՒՄՐԻ, «Արմէնփրէս».- Գիւմրիի քաղաքապետարանի նախկին աշխատակազմը 1 տարուան ծախսերու նախատեսուած գումարը ամբողջութեամբ ծախսած է 9 ամսուան ընթացքին:

Ոչ  միայն ծախսուած է ամբողջ գումարը, այլ նաեւ ներկայ աշխատակազմին փոխանցուած է ահռելի պարտք՝ միայն կոմունալ տնտեսութեան մասով 826 մլն.  637 հազար դրամ:  25 Հոկտեմբերին կայացած Գիւմրիի աւագանիի արտակարգ նիստին ընթացքին այս մասին նշած է նորընտիր քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան:
Աւագանին, որ տակաւին կը գործէ, հրաւիրուած էր արտակարգ նիստին՝ նիւթական-տնտեսական ստուգումներ կատարելու անհրաժեշտութեան հարցը քննարկելու նպատակով: Սակայն աւագանիի 15 անդամներէն նիստին ներկայ եղած են միայն 9 անձեր: Օրակարգային 6 հարցերէն 5ին աւագանիի անդամները, սովորութեան համաձայն, բոլորը թեր քուէարկած են, իսկ նիւթական այս հարցերուն, ստուգումներ կատարելու հարցին եւ 9էն 6ը դէմ քուէարկած են։
Սամուէլ Բալասանեան յայտնած է, որ ինք չ՛ուզեր մտնել այսպէս կոչուած ուրիշին «ճահիճը» եւ պատրաստ է այս հարցը քննարկելու նորընտիր աւագանիին հետ, որ իր լիազօրութիւնները պիտի ստանձնէ 12 Նոյեմբերին:
«Պարտքեր կան կազի, ելեկտրաէներգիայի, «Արմէնտել»ի,  աշխատավարձի, գովազդի, հրատարակչութեան, շինարարական  մի շարք կազմակերպութիւնների համար: Ինձ համար շատ զարմանալի է աշխատավարձի պարտքը: Այժմ կուտակուած է աշխատավարձի 209 մլն. դրամի պարտք՝ Օգոստոս եւ Սեպտեմբեր ամիսների: Տեսնում ենք, որ եղել է դոտացիայ, եւ այդ դոտացիան ուղղուել է կոմունալ ծախսերին, երբ կար աշխատավարձի պարտք: Իսկ կոմունալի պարտքը մարելու համար քաղաքապետարանին չի բաւարարի նոյնիսկ համայնքի պիւտճէի ամբողջ մէկ տարուայ գումարը», նշած է Սամուէլ Բալասանեան:
Ան դիտել տուած է, որ միլիոնաւոր դրամներով կուտակուած պարտքեր կան նաեւ շինարարական, կուպրապատման ընկերութիւններու, քանդակագործներու, վերելակային տնտեսութեան,  լուսաւորութեան համար եւ այլն:
«Նման կոմունալ ծախսերով համայնքը չի կարող շնչել: Նոյնիսկ կան կազմակերպութիւններ, որոնք նամակով դիմել են՝ զգուշացնելով, որ իրենց պարտքը չվճարելու դէպքում կը դիմեն դատարան: Ընդ որում՝ պարտքի մասով նամակ եղել է նաեւ «Ալեքսանդրապոլ» հիւրանոցից:  Պէտք է ստուգել եւ հասկանալ: Զարմանալի է: Ինչպէս կարելի է աուդիտ չհրաւիրել: Ոչ մի շինարարական աշխատանք, որը կատարուած է, ես իրատեսական չեմ համարում: Հարցերին պատասխան կը տրուի միայն փորձաքննութիւնից յետոյ», ընդգծած է քաղաքապետը: