Print
Category: Հայաստան-Արցախ

22 Հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Մեքսիքոյէն սկսաւ իր պաշտօնական այցելութիւնը՝ լատինամերիկեան երկիրներ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, Մեքսիքոյի մէջ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցած է պաշտօնատար անձերու հետ:
Նախարար Նալբանդեան տարակուսանք յայտնած է Մեքսիքոյի նախորդ խորհըրդարանին կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ իրականութիւնը խեղաթիւրող բանաձեւերու ընդունման առնչութեամբ՝ ընդգծելով, որ այդ բանաձեւերը կոպիտ կերպով կը հակասեն միջազգային հանրութեան դիրքորոշման, զոր բազմիցս արտայայտուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի եռանախագահ երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ: