Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պրիւքսելի մէջ կայացաւ Հիւսիսատլանտեան  Խորհուրդի նիստը՝ 28+1 ձեւաչափով (դաշինքի անդամներ եւ Հայաստան): Նիստին հանդէս եկան ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը եւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը:


Ինչպէս կը հաղորդէ «Մետիամաքսը», Հայաստանի ներկայացուցիչները առանձին  հանդիպում ունեցան ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալ Քլաուտիօ Բիզոնյերոյի հետ: Նիստի ընթացքին  քննարկուեցան Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան հարցեր եւ Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի (ԱԳԳԾ) կատարման ընթացքը:
Յունիսի վերջաւորութեան Երեւանի մէջ ընդունելով ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ջէյմս Ապաթուրային, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան յոյս յայտնած էր, որ շուտով կը հաստատուի Հայաստան-ՆԱԹՕ 2011-2012թթ. նորացուած ծրագիրը, ինչ որ թոյլ պիտի տայ որակական նոր մակարդակի բարձրացնել փոխ գործակցութիւնը:
Ինչպէս կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նիստին ներկայ եղան ՆԱԹՕ-ի անդամ 28 երկիրներու դեսպանները:
Իր խօսքին մէջ նախարար Նալբանդեան անդրադարձաւ Հայաստան-ՆԱԹՕ համագործակցութեան տարբեր բնագաւառներուն, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններուն, Եւրոպական ընտանիքի հետ մերձեցման գործընթացին եւ արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն, միջազգային յարաբերութիւններու օրակարգային խնդիրներու վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումներուն:
Անդրադառնալով Հայաստան-ՆԱԹՕ յարաբերութիւններուն՝ Էդվարդ Նալբանդեանը դրական գնահատեց Գործընկերութիւն յանուն խաղաղութեան, Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրերու  ծիրէն ներս հաստատուած արդիւնաւէտ փոխ գործակցութիւնը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը իր ելոյթին մէջ ներկայացուց անվտանգութեան բնագաւառի եւ պաշտպանական համակարգէն ներս իրականացուող բարեփոխումներու ընթացքն ու հեռանկարները:
Հիւսիսատլանտեան խորհուրդի նիստին ելոյթ ունեցան ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը, անդամ երկիրներու շուրջ մէկ տասնեակ ներկայացուցիչներ: Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղարի տեղակալը բարձր գնահատեց շարք մը մարզերու մէջ  Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը:
Ելոյթ ունեցողները բարձր գնահատեցին Անհատական գործընկերութեան գործողութիւններու ծրագրի իրականացման արդիւնքները, Հայաստանի մասնակցութիւնը Քոսովոյի եւ Աֆղանիստանի մէջ իրականացուող խաղաղապահ գործողութիւններուն: Այդ ծիրէն ներս բանախօսները ողջունեցին Հայաստանի որոշումը՝ եռապատկել մասնակցութիւնը Աֆղանիստանին մէջ  իրականացուող անվտանգութեան աջակցութեան գործողութեան՝ շարունակելով նաեւ առաքելութիւնը Քոսովոյի մէջ:
Այնուհետեւ նախարարներ Նալբանդեանն ու Օհանեանը պատասխանեցին ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու  դեսպաններու բազմաթիւ հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին երկրի արտաքին քաղաքականութեան, տարածաշրջանային զարգացումներուն, անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան մարզերէն ներս Հայաստանի մէջ  իրականացուող բարեփոխումներուն:

«Եւրոպան կը կորսնցնէ աշխարհի մէջ իր ազդեցութիւնը», կըսէ Ռասմուսեն

Ռուսական «Վի.զի.» կայքէջը կը հաղորդէ, որ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն յայտնած է, որ եթէ եւրոպական երկիրները չսկսին անհրաժեշտ չափով միջոցներ ներդրել պաշտպանութեան ոլորտի ծրագիրներուն մէջ, անոնք կրնան աշխարհի մէջ ճգնաժամային իրադարձութիւններուն արձագանքելու կարողութիւնը կորսնցնել։ Ան ընդգծած է, որ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն եւրոպական երկիրներու ազդեցութիւնը արագընթաց կերպով կը նուազի։ «Եթէ այդ ընթացքը չկանխարգիլուի, ապա եւրոպացիներու կորսնցուցած դիրքերը արագ կերպով «պիտի գրաւեն» Չինաստանի եւ Հնդկաստանի նման «թափ հաւաքող» երկիրները» ըսած է ան։
Միացեալ Նահանգներու օրուան պաշտպանութեան նախարար Ռոպըրթ Կէյց յայտարարած էր, որ սեփական ելեւմտական դժուարութիւններու պայմաններուն մէջ ԱՄՆի համար երթալով դժուար կը դառնայ պահպանել դաշինքի աջակցութեան այժմու մակարդակը՝ ՆԱԹՕ-ի ֆինանսաւորման 75%ը տրամադրելով: