Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ միասին երէկ այցելեցին հանրապետութեան հիւսիսարեւելեան մասին մէջ գտնուող շարք մը զօրամասեր:

Նախագահները դիտեցին հրաձգային վարժութիւններու ընթացքը, ծանօթացան նոր հրամանատարական կէտի պայմաններուն եւ մասնակցեցան զօրամասերէն մէկուն մէջ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բացման արարողութեան:
Նախագահները այցելեցին նաեւ Մաղաւուզի քարածուխի հանք եւ ծանօթացան այնտեղ իրականացուող աշխատանքներուն:
Հայկական երկու պետութիւններու ղեկավարներուն կ՛ուղեկցէին պաշտպանութեան նախարարները եւ բարձրաստիճան սպայական կազմի ներկայացուցիչները: