Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող հրամանատարական գլխաւոր ղեկավարման մարմիններու վարժանքները ազդու քայլեր են՝ զինուած ուժերու մարտունակութեան բարձրացման նպաստող:

Այս մասին վերջերս յայտնեց ռազմական հոգեբան Դաւիթ Ջամալեանը: «Բանակն ու հասարակութիւնը պէտք է պատրաստ լինեն պատերազմին, եթէ ուզում են խուսափել դրանից», ընդգծեց ան:
Անդրադառնալով խուճապ ստեղծել միտող այն լուրերուն, թէ մարզումները կը կատարուին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին վրայ իրավիճակի լարուածութեան պատճառով՝ Ջամալեան նշեց, որ անոնք արդէն երկու շաբաթ առաջ սկսած են եւ քանի մը օրէն կ՛աւարտին. «Ինչպէս տեսնում ենք, լարուածութիւն չկայ: Ամէն ինչ սովորականի նման է», յայտնեց ան։
Ան աւելցուց, որ շուտով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի պիտի ունենան մարտավարական վարժանքներ, որոնց ընթացքին անձնակազմը ունակութիւններ ձեռք պիտի բերէ՝ նոր սպառազինութիւններու առնչուած։ «Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը մշտապէս համալրւում է սպառազինութիւններով», նշեց Ջամալեան՝ յստակացնելով, որ այս անգամ խօսքը հակահրետանի սարքաւորումներու մասին է: Ան դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճանի կողմէ տեղեկատուական քարոզչութիւնը դիմակայելու համար կարեւոր է պաշտպանութեան նախարարութեան, լրատուամիջոցներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու համատեղ աշխատանքը:  «Մենք պէտք է հպարտանանք ձեռքբերումներով եւ բարձրաձայն հաղորդենք այդ մասին», ամփոփեց ան: