Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան «Հայկական ժամանակ» թերթին յայտնած է, որ ՀՅԴ-ն իր արտակարգ Գերագոյն ժողովը պիտի գումարէ նոյեմբերի աւարտին կամ դեկտեմբերի սկիզբը:


Դաշնակցութիւնը այդ ժողովին ժամանակ ալ պիտի որոշէ նախագահական իր թեկնածուին հարցը:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք ճիշդ են այն տեղեկութիւնները, որ յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի թեկնածուն կրնայ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը ըլլալ, Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը նշած է, որ պէտք է նկատի առնել ինչ որ Դաշնակցութեան կողմէ կը յայտարարուի պաշտօնապէս: Դաշնակցութիւնը տակաւին որոշում չէ տուած այս գծով: Ան ընդգծած է, որ վերջնական որոշումը պիտի տրուի ՀՅԴ արտակարգ Գերագոյն ժողովի ժամանակ, եւ այն ժամանակ միայն պարզ կը դառնայ, որ Դաշնակցութիւնը սեփական թեկնածուո՞վ պիտի մասնակցի նախագահական ընտրութիւններուն, թէ՞ կարելի պիտի ըլլայ ընդհանուր քաղաքական փլաթֆորմի շուրջ ունենալ միասնական թեկնածու: