Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ նախօրօք ձեռք բերուած համաձայնութեամբ  23 Հոկտեմբերին ԵԱՀԿ-ի առաքելութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու սահմանին վրայ ծրագրային դիտարկում պիտի իրականացնէ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Թալիշ բնակավայրին մերձակայքը: Այս մասին կը տեղեկացնեն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքէն դիտարկումը պիտի իրականացուի ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Քասփրչիքի ղեկավարութեամբ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  իշխանութիւնները պատրաստակամութիւն յայտնած են աջակցելու դիտարկման իրականացման եւ ապահովելու ԵԱՀԿ-ի առաքելութեան անդամներուն անվտանգութիւնը: