Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը կը շարունակէ ԼՂՀ Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքի խմելու ջուրի համակարգի վերակառուցումը:


Ֆինանսաւորումը եղած է՝ Հիմնադրամի Ֆրանսայի, Արժանթինի տեղական մարմիններէն ինչպէս նաեւ ԼՂՀ կառավարութենէն։
Փողոցներուն մէջ արդէն տեղադրուած են խողովակները, որոնց ենթաճիւղերով ջուրը կը հասնի համայնքի 120 տնտեսութիւններու: Նորակառոյց ՕԿՋ-ի եւ հիմնանորոգուած ֆիլտրային կառոյցներու պայմաններով ոչ միայն կը կարգաւորուի ջուրի մատակարարումը, այլեւ կը բարելաւուի մատակարարուող ջուրի որակը:
Այցելուները այստեղ կը գրաւուին 13-րդ դարու ընթացքին կառուցուած Դադիվանքէն, Քարվաճառէն ընդամէնը 10քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող տաք ջուրի բնական աղբիւրէն եւ գեղեցիկ բնապատկերներէն։

Կալա-դրամահաւաքը Մոնթրէալի մէջ

Հոկտեմբեր 13-ին Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի 20-ամեակին նուիրուած կալա-դրամահաւաքը: Միջոցառման մասնակցելու նպատակով Գանատա ժամանած էր Հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեանը եւ Լոս-Անճելըսի մասնաճիւղի տնօրէն Սարգիս Քոթանջեանը:
Իր ելոյթին ընթացքին Գանատայի ՀՀ դեսպան Արմէն Եգանեան անդրադարձաւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի անցած 20-ամեայ ճանապարհին, որու ընթացքին աւելի քան 235 մլն տոլարի ներդրումներ կատարւեցան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ: