Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան 15 Հոկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին՝ պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին դիտել տուաւ, որ կարելի է սփիւռքահայերը ներգրաւել Հայաստանի Ազգային ժողովի աշխատանքներուն մէջ՝ առանց խախտելու Հայաստանի Սահմանադրութիւնը:


Նախարարը տեղեկացուց, որ ինքը ոչ թէ հրաժարած է Սփիւռքահայերու համար Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Վերին պալատի՝ Սենատի ստեղծման գաղափարէն, այլ զայն փոխած  է, քանի որ սփիւռքահայերուն առիթ տրուած է երկքաղաքացիութիւն ստանալու եւ անոնք այսպիսով կրնան մաս կազմել խորհրդարանին՝ ընտրութիւններուն մասնակցելով:
«Ես շարունակում եմ մնալ այդ կարծիքին, որովհետեւ ազգի սերուցքը եւ ազգի հնարաւորութիւնները պէտք է օգտագործենք Հայաստանը հզօրացնելու նպատակով», յայտնեց ան։
«Յաջորդ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան 2017ին, իսկ երկքաղաքացիութիւն տրւում է 2007ից: Այսինքն՝ 2017ին կ՛ունենանք նոյնիսկ 10 տարուայ քաղաքացիներ, որոնք հնարաւորութիւն կ՛ունենան ընդգրկուել խորհրդարանում», նշեց ան։
«Եթէ մարդ չի ուզում Հայաստանի քաղաքացի լինել, ինչո՞ւ պէտք է լինի Հայաստանի օրէնսդիր մարմնի անդամ: Գոնէ երկքաղաքացի պէտք է լինի, ինչն իրենից ոչինչ չի պահանջում՝ ընդամէնը երեք տոլար եւ երեք փաստաթուղթ», յայտնեց նախարարը՝ արձագանգելով երկքաղաքացիութիւն ունենալու անհրաժեշտութեան վերաբերող հարցումի մը։
Նշենք, որ գործող օրէնսդրութեամբ, Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր կրնան ըլլալ վերջին հինգ տարիներուն հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունեցող եւ վերջին 5 տարիներուն առաւելապէս Հայաստանի մէջ բնակող անձերը։