Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Հոկտեմբեր 15ին աշխատանքային այցով կը գտնուէր Արագածոտնի մարզ:

Այս մասին կը հաղորդէ Aysor.am-ը: Նախագահը այցելած է «Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» գինիի քոնիակի նորակառոյց գործարանն ու մասնակցած գործարանի բացման արարողութեան: Նախագահին ուղեկցած են ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախարար Սերգօ Կարապետեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Դաւթեանը, ՀՀ տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք: Նախագահ Սարգսեան շրջած է գործարանի տարածքը եւ ծանօթացած ընկերութեան կարողութիւններուն:
«Կոլտըն Կրէյփ Արմաս» գործարանի սեփականատէր Արմէն Ասլանեանը լրագրողներուն տեղեկացուցած է, թէ այս տարի գործարանը ընդունած է 1000 թոն խաղող, որուն 525 թոնը՝ Արագածոտնի մարզի Կոշ, Ագարակ, Սասունիկ համայնքներէն, 50 թոնը՝ Եղէգնաձորէն Արենի տեսակի խաղող, իսկ մնացեալը գործարանի ունեցած սեփական խաղողի այգիներու խաղողն է:
Խաղողը մթերուած է 140 դրամով, իսկ Արենի տեսակի խաղողը՝ 230 դրամով. սեփականատէրը նաեւ հաղորդած է, թէ գումարները վճարուած են, իսկ արտադրանքը, որ պատրաստ պիտի ըլլայ քանի մը ամիսէն, պիտի արտածուի ԱՄՆ, Ռուսիա, Ուքրանիա, Եւրոպա:
Գործարանը յագեցած է ժամանակակից ճարտարագիտութիւններով. հոն կ՛աշխատին իտալացի մասնագէտներ: Ներկայիս կը կառուցուի նաեւ 10-15 հազար խմ. տարողութեամբ ջրամբար. տարածքին մէջ նաեւ տեղադրուած է հակակարկտային երեք կայաններ:
Արմէն Ասլանեան սակայն աւելցուցած է, թէ տարածքին մէջ միայն համացանց չկայ, եւ այդ իսկ պատճառով աշխատանքը կը դժուարանայ, հակառակ անոր, որ գործարանին մէջ կան համակարգիչներ:
Նշենք, որ ընկերութեան ներդրումները կազմած են շուրջ 15 միլիոն եուրօ: Գործարանին մէջ կ՛աշխատի շուրջ 200 մարդ: Կը նախատեսուի զարգացնել  հողատնտեսական զբօսաշրջութիւնը, հիմնել հիւթերու ու անուշեղէնի գործարան, խաղողի սառնարաններ, բանջարեղէնի ջերմոցներ, անասնաբուծական ագարակներ եւ ձկնաբուծարան: