ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Հայաստանին մատակարարուող ռուսական կազի գինը մեր երկրիմ համար կը լինի արտօնեալ պայմաններով՝ բաւականին ցածր»,
Հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստի աւարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Արմէն Մովսիսեանը: Ան չէ ուզած նշել ճիշդ գինը։
«Կազի գինի հետ կապուած բանակցութիւնները շարունակւում են: Հայաստանի համար կը լինի արտօնեալ գին, թէ որքա՞ն՝ յայտնի կը դառնայ բանակցութիւնների աւարտին: Ի տարբերութիւն միւս երկրների, որոնց Ռուսաստանը կազ է մատակարարում, մեզ համար գինը կը լինի բաւական ցածր», յայտնած է ան։
Անոր համաձայն՝ գինը վերջնականապէս ճշդելէ ետք կառավարութիւնը պիտի մտածէ տնտեսական-ընկերային հարցեր ունեցող խաւին օժանդակելու մասին։
Նշենք, որ ներկայիս Հայաստանին մատակարարուող կազին գինը՝ 1000 խորանարդ մեթրի համար 180 տոլար է: