Արցախի խորհրդարանը հաստատեց նոր կառավարութեան ներկայացուցած հնգամեայ ծրագիրը:
Խորհրդարանին մէջ ներկայացնելով ծրագիրը, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտնեց, որ իր տեսլականը «Արցախ 2017»ի վերաբերեալ, բաւական գրաւիչ է:
«Հինգ տարի ետք մենք պիտի ունենանք երկիր մը, որ մեծապէս յառաջդիմած պիտի ըլլայ արդի յառաջաւոր քաղաքականութեան ուղիով: Մարդոց կենսապայմանները եւ կեանքի որակը պիտի չափուի նոր աստիճանով», ընդ-գծեց վարչապետ Յարութիւնեան: