Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Գիւմրիի Մուշ-2 եւ Անի թաղամասերուն մէջ երկրի նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ՝ շահագործման յանձնուեցան նորակառոյց 1756 բնակարաններ:


1056 անօթեւան ընտանիքներ բնակարանամուտը տօնած էին 2 տարի առաջ: Ընդհանուր առմամբ, այսպիսով, կառուցուել է 2012 բնակարան: Ընթացքի մէջ յաւելեալ 400 բնակարաններու շինութիւնը:
Անօթեւաններու ցուցակին մէջ, սակայն, միայն Գիւմրիի մէջ հաշուառուած է 4200 ընտանիք: Յիշեցնենք նաեւ, որ նախագահ Սերժ Սարգսյանի նախընտրական խոստման համաձայն, 2013 թուականին պէտք է վերջնականապէս լուծուի աղէտի գօտիի անօթեւան ընտանիքներու խնդիրը:
24 տարի բնակարանի սպասած գիւմրեցիներու բնակարանամուտը ուրախութեամբ շնորհաւորեց նորընտիր քաղաքապետ Սամվէլ Բալասանեանը՝ դիտել տալով  թէ «Այսօր մեզ համար պատմական օր է: «Մենք հասկանում ենք, որ մինչեւ հիմա արուածը դեռ բաւարար չէ: Ուստի կառավարութիւնն այս ծրագրին լրացուցիչ միջոցներ է յատկացրել, որով պիտի լուծուի 600 ընտանիքի բնակապահովման հարցը, ըսած է  Թադեւոսեանը: