Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երէկ Երեքշաբթի 15 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11։15ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), Հայաստանէն Սուրիա ուղղուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեամբ սուրիահայութեան օժանդակելու նպատակով առաջին մարդասիրական օգնութիւնը, որ կը պարունակէ 14 թոն սնունդ (14 հազար տուփ)։

Արդէն երեք շաբաթէ ի վեր ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի եւ Դաշնակցութեան «Արամ Մանուկեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ պարէնի հաւաքման եւ տուփերու մէջ ամփոփման աշխատանք կը կատարուէր։
Հակառակ անոր, որ թրքական կողմը նախապէս յայտարարած էր, որ իր օդային սահմանը պիտի փակէ Սուրիա թռիչք կատարող օդանաւերուն դիմաց, բայց եւ այնպէս հայկական կողմին հետ երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք վերջապէս իրաւական բոլոր հարցերը լուծուեցան, եւ օդանաւը Էրզրումի մէջ կարճատեւ վայրէջք կատարելէ ետք ուղղուեցաւ Հալէպ։ Աւելի ուշ նմանօրինակ այլ թռիչքներ ալ ծրագրուած էին։
Բայց եւ այնպէս թրքական լրատուամիջոցներ լուրեր տարածեցին այն մասին, որ հայկական օդանաւը պարտադրաբար էջք կատարած էր Էրզրումի օդակայանը, եւ թէ թրքական կողմէ քննուած է հայկական օդանաւին մէջ եղած բեռը։ Այս լուրերը տարածուեցան նաեւ միջազգային մամուլին մէջ, ինչպէս՝ «Պի.Պի. Սի.», «Ռոյթըրզ», «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Ռաշա Թուտէյ» եւ այլն, որոնք թրքական տարբերակին հետեւելով նշած էին, որ պարտադրաբար էջք կատարած է հայկական օդանաւը։
Նշենք, որ քանի մը օր առաջ Թուրքիոյ մէջ հարկադիր վայրէջք կատարած էր Մոսկուա-Դամասկոս թռիչք կատարող սուրիական օդանաւը, որուն մէջ, ըստ թրքական կողմին, «ոչ քաղաքացիական» բեռ կար:

Ազգային ժողովին մէջ Հ.Յ.Դ. պատգամաւոր, «Օգնի՛ր եղբօրդ» նախաձեռնութեան համակարգող Վահան Յովհաննիսեան Երկիր-Մետիա-ի եւ «Թերթ»ին խօսելով հաստատեց, որ այս ծիրին մէջ Հալէպ ուղարկուած օգնութիւնը քննուեցաւ, սակայն նշեց, որ հայկական օդանաւը պարտադրաբար վայրէջք չէ կատարած։ «Սկզբում համաձայնութիւն էր ձեռք բերուել, որ ինքնաթիռը զննուի Այնթապի օդանաւակայանում, աւելի ուշ որոշուեց Էրզրումի օդանաւակայանում վայրէջք կատարել: Արտառոց ոչինչ չկայ», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան: