Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական յանձնաժողովի հայկական եւ ռուսական կողմերու նախագահներու՝  ՀՀ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի եւ ՌԴ փոխադրամիջոցներու նախարար Մաքսիմ Սոկոլովի միջեւ  ստորագրուեցաւ ՀՀ եւ ՌԴ միջեւ մինչեւ 2020 երկարատեւ համագործակցութեան ծրագիրը:

Այս մասին կը յայտնէ «Armenpress»-ը։
Աղբիւրին համաձայն ՀՀ վարչապետը ստորագրման արարողութենէն ետք նշեց, որ ծրագիրը իր մէջ կը ներառէ մեր տնտեսութեան գրեթէ բոլոր բնագաւառները: «Այն ֆիքսում է փոխադարձ հետաքրքրութեան հանգամանքները եւ գործողութիւններն այդ ուղութեամբ, թէ ինչ ռազմավարութեամբ մենք պէտք է հասնենք նպատակին: Սա համալիր ծրագիր է, որի վրայ բաւական երկար աշխատել են ՀՀ եւ ՌԴ կառավարութիւնների աշխատանքային խմբերը»,- ըսաւ Սարգսեան:
Ան տեղեկացուց, որ բոլոր կարեւորագոյն կէտերը համաձայնեցուած կերպով ներառուած են ծրագրի մէջ: Չկայ տնտեսական, մշակութային, ընկերային որեւէ ոլորտ, որ այս փաստաթուղթի մէջ արձանագրուած չ'ըլլայ:
Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 12-ին իր հերթական՝ 14-րդ նիստը գումարած է Հայ-ռուսական միջկառավարական յանձնաժողովը: Օրակարգի մէջ երկկողմ համագործակցութեան գրեթէ բոլոր մարզերը  ընդգրկող հարցերն էին: