Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոմիութեան նախկին յատուկ ներկայացուցիչ, այժմ Աֆղանիստանի մէջ Շուէտի դեսպան Փիթըր Սեմնեպի, խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին, դիտել տուած է թէ լարուածութեան անթոյլատրելի    շեմին կը գտնուի հարցը:


«Այժմ մի քանի տարի առաջուայ համեմատ, դրութեան վտանգը շատ աւելի բարձր է: Թէ այն ժամանակ, երբ յատուկ ներկայացուցիչ էի, թէ հիմա իմ հիմնական ուղերձն ու կոչը Եւրոպային հետեւեալն է՝ այս հակամարտութիւն մըն է, ուր պէտք է լուրջ վերաբերուիլ: Եւրոպան պէտք է լուրջ ջանքեր գործադրէ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը խաղաղ ճանապարհով լուծելու համար», - ըսաւ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ Զուիցերիոյ-կովկասեան ակադեմական ցանցի գիտաժողովին մասնակցող Փիթեր Սեմնեպին՝ շարունակելով. - «Մեծ է վտանգը, որ իւրաքանչիւր միջադէպ կրնայ իրավիճակը հսկողութենէ դուրս բերել: Մենք կը տեսնենք այդպիսի միջադէպեր, որոնք կարելի է նպաստել լարուածութեան յաւելման: Իհարկէ, այս կացութիւնը պէտք է մտահոգէ առաջին հերթին հակամարտութեան կողմերը, բայց միջազգային գործընկերները  նոյնպէս պէտք է հաշուի առնեն դրութիւնը, քանի որ եթէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ինչ-որ բան պատահի, անոր հետեւանքները կþազդեն նաեւ ԵՄ երկիրներու վրայ»:
Ամփոփելով գիտաժողովի արդիւնքները Զուիցերիոյ-կովկասեան ակադեմական ցանցի ծրագրերու պատասխանատու Տենիս Դաֆլոնը «Ազատութիւն» ռատիոկայանին ըսաւ, որ իրենց հիմնական թիրախային երկիրները Վրաստանն ու Հայաստանն են ոչ միայն Հարաւային Կովկասի, այլեւ սեւծովեան տարածաշրջանին մէջ: Դաֆլոնի խօսքով տարածաշրջանին մէջ  շատ են հակամարտութիւնները, այդ իսկ պատճառով նոյնիսկ գիտական ելոյթներու ժամանակ հակամարտութիւնները բաւական տարբեր մեկնաբանուեցան:
«Գիտաժողովը շատ տարբեր նիւթեր կþարծարծէ, եւ հետաքրքիրը այն է, որ այդ նիւթերը տարբեր տեսակէտներէ կը ներկայացուին: Հետազօտողները խընդիրները կը ներկայացնէին ոչ միայն միջազգային յարաբերութիւններու, այլեւ պատմական փաստերու հիման վրայ: Այսինքն ոչ միայն պաշտօնական, դիւանագիտական մօտեցում կայ, այլեւ հակամարտութենէ տուժած մարդոց մասին խօսք եղաւ»,- ըսաւ ան:
Թուրքիա-Եւրամիութիւն հարցերով զբաղուող Ֆուատ Կայմանը նշեց, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ընդունման հարցը հիմնական խոչընդոտներէն է: «Իհարկէ դա խոչընդոտ է, բայց Թուրքիան մեծ առաջընթաց կþարձանագրէ այս հարցով: Չեմ կարծեր, թէ Թուրքիան օր մը պաշտօնապէս կþընդունի ատիկա, բայց Թուրքիոյ մէջ, օրինակ, շատ են հեղինակները, որոնք կը գրեն այդ մասին, անոնց հետ ոչինչ չի պատահիր, կþաւելնայ մարդոց տեղեկացուածութիւնը 1915-ի ողբերգական իրադարձութիւններուն մասին: Ասիկա արդէն որոշակի առաջընթաց է», - ըսաւ թուրք քաղաքագէտը: