Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ուրբաթ, 5 Հոկտեմբերին, Լառնաքայի մէջ իր աշխատանքներուն սկսաւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի գործադիր կոմիտէի նիստը:


Նիստին կը մասնակցէին գործադիր կոմիտէի անդամները, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի եւ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան:
Այս աշխատանքները սկսելուն առիթով ողջոյնի իրենց խօսքերը ուղղեցին Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան եւ Կիպրոսի մարզական կազմակերպութեան կոմիտէի ներկայացուցիչ Անդրոս Լոպպա:
Նիստին ընթացքին որոշում տրուեցաւ 2014-ի ձմրան Ծաղկաձորի մէջ կատարելու Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը, խաղերուն ծրագիրին մէջ պիտի ընդգրկուին դահոյկ, լեռնադահոյկ, Սնոպորտ եւ հաքի մարզաձեւերը: Բացի այս մրցումներուն ծրագիրէն, պիտի ըլլան նաեւ ցուցադրական ելոյթներ:
Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի առաջարկով որոշուեցաւ ամառնային եւ ձմեռնային խաղերուն ընթացքին հոգալ Սուրիոյ պատուիրակութեան ժամանման հետ առնչուող բոլոր ծախսերը, ինչպէս նաեւ ձմեռնային առաջին խաղերուն մասնակցող բոլոր մար-զիկներուն կեցութիւնը եւ սնունդը:
Գործադիր կոմիտէն որոշեց 2015-ի ամառնային խաղերու ծրագիրին մէջ ընդգրկել հրացանաձգութիւն, հեծելարշաւ, կոլֆ եւ մարզական պարեր մարզաձեւերը:
Աւելցան նաեւ, լողարշաւի մարզաձեւին մէջ՝ 50 եւ 100 մեթր թիթեռնիկի լող, 50 եւ 100 մեթր կռնակի լող, 4ճ100 մեթր լող, ինչպէս նաեւ աթլեթիզմի մրցումներուն՝ բարձրութիւն ցատկել:
Վերջապէս որոշուեցաւ յաջորդ նիստը կայացնել Մայիս 2013-ին՝ Երեւանի մէջ: