Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Երեք տարի առաջ ոչ միայն համոզուած էինք, այլեւ իշխանութիւններուն կը ներկայացնէինք, որ Հայաստան - Թուրքիա արձանագրութիւնները ապագայ չունին:

Երեք տարի անցած է, եւ եթէ իրենք վերյիշեն, թէ ինչի՛ կը ձգտէին եւ ինչի՛ հասան, մենք ի՛նչ կը նախազգուշացնէինք եւ ի՛նչ կատարուեցաւ, պիտի յստականայ, որ մեր ըսածները հիմնականին մէջ իրականացան», «Երկիր Մետիա» պատկերասփիւռի կայանի «Երկրի հարցը» յայտագիրին ընթացքին, ըսած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանը խօսելով  փրոթոքոլներու  ստորագրման 3-ամեակին առիթով:
Ըստ անոր, սխալ էր այն տեսակէտը, թէ արձանագրութիւններով պիտի տկարանան Ատրպէյճանի դիրքերը եւ Թուրքիան պիտի չկապէ ղարաբաղեան տագնապը հայ-թրքական յարաբերութիւններուն հետ:
«Պարզ արդիւնքը ի՞նչ է՝ սահմանները փակ են, դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած չեն, Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի սրած են, Ղարաբաղի խնդիրի լուծումը աւելի բարդացած է, Թուրքիան աւելի կը միջամտէ ղարաբաղեան հարցին: Յստակ է, որ թուրք-ատրպէյճանական ճակատը աւելի զօրացած է եւ աւելի միասնաբար կը պայքարի», ըսաւ դաշնակցական գործիչը: Ան աւելցուց, որ, ըստ էութեան, Թուրքիոյ մօտեցումները եւս կ՛ընդունուին միջազգային բեմին վրայ, մասնաւորաբար, Քեթրին Էշթըն վերջերս կրկին յայտարարած էր, որ քանի տակաւին ղարաբաղեան հարցը չէ լուծուած, դիւրին պիտի չըլլայ սահմանի բացումը:
Հայ-թրքական արձանագրութիւնները, ըստ Արմէն Ռուստամեանի, դժուարացուցին նաեւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հոլովոյթը: Իսկ հայութիւնը, ըստ անոր, պառակտուեցաւ: Բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ արձանագրութիւնները ի նպաստ Հայաստանին են, Արմէն Ռուստամեան հարց  տուաւ. «Եթէ այդքան ճիշդ էք, եթէ մեզի համար ամէն ինչ լաւ է, ինչո՞ւ չէք վաւերացներ»:
«Վատը այն է, որ մենք կը սպասենք, թէ ի՛նչ պիտի ընէ Թուրքիան, նախաձեռնութիւնը զիջած ենք անոր: Մեր նախաձեռնողականէն միայն անունը մնացած է»,  ըսաւ Արմէն Ռուստամեանը: