
ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան մտահոգութիւն յայտնեց Ջաւախքի հետ կապուած վերջին զարգացումներու առնչութեամբ
Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեանի (Հ.Յ.Դ.) եւ Արմէն Մարտիրոսեանի (Ժառանգութիւն) ելոյթը Ջաւախքի մէջ արգիլուեցաւ վրացական իշխանութիւններուն կողմէ:
Երկու պատգամաւորներու ելոյթը տեղի պիտի ունենար Յուլիս 24ին, տէրեանական օրերու նուիրուած ձեռնարկներուն առիթով:
Երէկ, Երեւանի մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պատգամաւորները յայտնեցին այս հարցը, բացատրելով թէ երբ ձեռնարկի կազմակերպիչները՝ ազգութեամբ հայ ներկայացուցիչներ Հենզել Մկոյեանը, Վան Բայբուրթը, Վալոդիա Ստամբոլցեանը մօտեցան շրջանային ղեկավարութեան եւ պահանջեցին որ թոյլատրուին ելոյթները, անոնք հակազդեցին թէ՝ Ջիւանի նուիրուած միջոցառման օրն ալ ելոյթներ կազմակերպուած էին եւ ...մարդիկ ձանձրացած են:
Դաշնակցական գործիչ Արծուիկ Մինասեանի խօսքով՝ վրացական իշխանութիւններուն համար հասկնալի էր, որ հայ պատգամաւորները ամպիոնէն պիտի հնչեցնէին ջաւախքահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած խօսքեր, որու պատճառով ալ արգելեցին իրենց ելոյթները:
«Հայապահպանութեան առումով Ջաւախքի մէջ բարդ իրավիճակ է, եւ մենք իսկապէս ունինք մեր մշակութային, լեզուական ժառանգութեան, եկեղեցւոյ պահպանութեան խնդիր»,- ըսաւ պատգամաւոր Արմէն Մարտիրոսեանը: