Հունգարիայէն Հայաստան եկած չորս մտաւորականներ, 10 Հոկտեմբերին այցելեցին Եռաբլուր պանթէոնը՝ յարգանքի տուրք մատուցելու հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին եւ անոր շիրիմին մօտ հունգարացի ժողովուրդին անունով ներողութիւն խնդրելու հայ ժողովուրդէն:
«Մենք հոս եկած ենք ամօթի զգացումէն դրդուած: Ես կ՛ուզեմ ձեզմէ խնդրել ներողութիւն, ներողութի՛ւն, ներողութի՛ւն», ըսած է Հունգարիոյ Ճոն Ուելսի անուան Աստուածաբանական քոլեճի նախագահ Քապոր Իվանյին: Ան հունգարացի ժողովուրդին անունով իր խոր վշտակցութիւնը յայտնեց Գուրգէն Մարգարեանի ծնողներուն:
Գրող, հրապարակախօս Զօրի Բալայեան ընդգծեց, որ հայ ազգը երբե՛ք չի մոռնար 2004 եւ 2012 թուականներուն տեղի ունեցածը՝ անգամ մը եւս վերահաստատելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ Ատրպէյճանին մաս կազմելու անկարելիութիւնը:
Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար հոն կը գտնուէին նաեւ Հայաստանի տարբեր ռազմական ուսումնարաններու ուսանողներ, ազատամարտիկներ, համալսարանականներ, որոնք կը կրէին արդարութիւնը վերականգնելու կոչերով պաստառներ:
Մամլոյ ասուլիս
Հունգարիայի մտաւորականութեան 4 ներկայացուցիչները՝ պատմաբան, քաղաքական վերլուծաբան, Ռուսաստանի եւ յետխորհրդային երկիրներու փորձագէտ Զոլտան Բիրոն, Ջոն Ուելսի անուան աստուածաբանական քոլեճի ռեկտոր Գաբոր Իվանյին, դասախօս, լրագրող, հրատարակիչ Գաբոր Դեակը եւ IT արհեստագիտութեան ճարտարապետ-մեքանիկ, գրող Ռուդոլֆ Ունգվարին, երեւանեան մամուլի «Յենարան» ակումբին մէջ քննադատեցին Գուրգէն Մարգարեանին կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովին արտայանձնելու իրենց կառավարութեան որոշումը եւ նշեցին, որ Հունգարիայի ժողովուրդը դէմ է կառավարութեան քայլին ու կոչ ուղղեցին Հայաստանին վերականգնել դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Հունգար մտաւորականները առանձին-առանձին մօտեցան Գուրգէն Մարգարեանի մօրը եւ խնդրեցին ներել, որ իր տղային սպանողն այժմ ազատութեան մէջ է: Հունգարական ամենամեծ եւ հեղինակաւոր քաղաքական թերթերէն մէկուն մէջ մտաւորականները նաեւ ցաւակցական նամակ տպագրած են:
«Մարդասպանի արտայանձնումը այնքան մեծ յիմարութիւն էր, որ վիճելի են վարչապետի մտաւոր կարողութիւնները»,- նշուած է նամակին մէջ:
Մտաւորականները հիմնական մեղաւոր կը համարեն Հունգարիայի վարչապետին իրեն առաջարկելով մեղքը քաւելու տարբերակներ, որոնցմէ մէկն ալ Սաֆարովին 30 տարի եւս բանտի մէջ պահելու գումարը Հունգարիայի մէջ գործող հայկական եկեղեցւոյ տրամադրելն է։