Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆոր՝ պատասխանելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հարցումներուն յայտարարած է թէ Եւրոմիութիւնը ուշադրութեամբ կը հետեւի Ստեփանակերտի օդակայանի բացման հարցին:
«Եւրոմիութիւնը կ՛ուսումնասիրէ այս հարցը եւ անոր առնչութեամբ անպայման իր տեսակէտը պիտի յայտնէ: Այնուամենայնիւ, մեր դիրքորոշումը կը մնայ նոյնը՝ աջակցիլ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակին: Նաեւ կոչ կ՛ընենք կողմերուն հեռու մնալու այնպիսի քայլերէ, որոնք կրնան աւելի խորացնել ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ յառաջացած խնդիրները», շեշտած է Եւրոմիութեան ներկայացուցիչը:
Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման աշխատանքներու առաջին օրէն իսկ, Պաքուի իշխանութիւնները կը սպառնան հարուածել զայն օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը:
Ինչպէս օրին նշած էինք, Հոկտեմբեր 1ին Ստեփանակերտի օդակայանը պաշտօնապէս ստացաւ շահագործման հաւաստագիր (certificate), որ կը հաստատէ, թէ անիկա կը համապատասխանէ միջազգային չափանիշերուն եւ կրնայ օդանաւեր ընդունիլ եւ ուղարկել: