Կիներու դերը Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ միշտ կարեւորուած էր, եւ այսօր ալ անոնք իրենց մասնակցութիւնը ունին բանակաշինութեան գործին մէջ:
Այս հարցին անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան փոխ նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը՝ տեղեկացնելով, որ եթէ կիներու մասնակցութիւնը գնահատենք ըստ տոկոսային յարաբերակցութեան, յայտնի կը դառնայ որ ՀՀ ԶՈՒ համակարգի աշխատանքներուն մէջ ներգրաւուած աշխատակիցներու 13%ը իգական սեռի կը պատկանի:
«Տասներեք տոկոսն անգամ միջազգային փորձի համեմատութեամբ չի զիջում մի շարք զարգացած պետութիւնների ցուցանիշերին: Կարող եմ միանշանակ ասել, որ հայ կանայք շարունակում են բացառիկ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ հայոց բանակի մարտունակութեան բարձրացման գործում»,- ըսաւ Տօնոյեանը, աւելցնելով, որ միակ գործը բանակին մէջ, ուր կիներ չկան, մարտական հերթափոխութիւն իրականացնողներու շարքն է սահմանային առաջին գծին վրայ:
Պատասխանելով բանակին մէջ զինծառայողներու շրջանակներէն ներս հայրենասիրական ոգիի բարձրացման վերաբերեալ հարցին, Դ. Տօնոյեանը հաւաստիացուց, որ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հայրենասիրական գաղափարներուն առաջնային կարեւորութիւն կուտայ, եւ կը ձեռնարկուին բոլոր այն անհրաժեշտ քայլերը, որ պէտք են զինծառայողներու ազգային գիտակցութեան մակարդակը բարձրացնելու ուղղութեամբ: