Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երկարատեւ հիւանդութենէ ետք մահացաւ արուեստի վաստակաւոր գործիչ, յօրինող Էդուարդ Միրզոյեան:


Ծնած է 1921-ին՝ Վրաստանի Կորի քաղաքին մէջ: 1941-ին աւարտած է Երեւանի բարձրագոյն երաժշտանոցը՝ Վ. Տալեանի ստեղծագործական դասարանը: 1946-1948 ուսանած է Մոսկուայի Հայ մշակոյթի տան երաժշտական սթիւտիոյին մէջ: 1956-1990 ղեկավարած է Հայաստանի յօրինողներու միութիւնը:
Ան բազմաթիւ երաժշտական ստեղծագործութիւններու եւ ժապաւէններու երաժշտութիւններու հեղինակ է: