Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անցնող շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպած «Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ» խորագիրը կրող Լրագրողների համահայկական 6-րդ համաժողովը: Համաժողովի մասնակիցները Աղաւնաձորի մէջ եզրափակեցին ժողովը եւ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը, (որուն կ'անդրադառնանք վաղուան թիւով):


Ապա անոնք առիթը ունեցան այցելելու Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարման կարեւորագոյն կառոյցները եւ ծանօթանալու Հայաստանի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինների գործունէութեան: Լրագրողներուն կ՛ընկերակցէր սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ երեք տարբեր կառոյցներ տրուած այցելութեան ընթացքին արտասանած ողջոյնի եւ շնորհակալական խօսքին մէջ ամփոփ ձեւով անդրադարձաւ լրագրողներու համաժողովի գործունէութեան:
Աշխարհի չորս ծագերէն,  Հայաստանի մէջ համախմբուած 70ի շուրջ  լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ: Ողջունելով զանոնք՝ նախարարը բարձր գնահատեց սփիւռքահայ լրագրողներու աւանդը Հայոց  ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հայկական տարբեր հարցերու հետապնդման իմաստով: «Կը կարծեմ,   որ այս համաժողովը մեծ կարեւորութիւն ունի: Ցեղասպանութեան ճանաչումը մեր ժողովուրդին եւ հանրապետութեան ղեկավարութեան առաջնահերթ հարցերէն է: Անիկա ո՛չ միայն անհրաժեշտ է լոկ մեր ժողովուրդին, այլ նաեւ համայն հանրութեան՝  այսօր եւ հետագային նմանաբնոյթ ոճրագործութիւններէ խուսափելու համար», նշեց Ս. Օհանեան:
Խօսելով Հայաստանի զինեալ ուժերու մարտունակութեան մասին՝  Սէյրան Օհանեան հաստատեց, որ աշխատանք կը տարուի ունենալու պատրաստ ու չափազանց մրցունակ  բանակ, որ կարողութիւն ունի իր դիմաց դրուած բոլոր մարտահրաւէրները շրջանցելու եւ որեւէ կացութեան հակազդելու: Ան կոչ ուղղեց աշխարհասփիւռ լրագրողներուն գոր- ծելու այնպէս, որ նպաստեն Հայաստանի պաշտպանութեան համակարգի ամրապնդման՝ դիտել տալով, թէ ներկայիս Հայաստանի դիմագրաւած դժուար վիճակին դէմ յանդիման կանգնելու եւ խոչընդոտները յաղթահարելու իմաստով մեծ է լրագրողներուն  դերակատարութիւնը:
Հանդիպումը եզրափակուեցաւ պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութեամբ: Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի կողմէ կարգ մը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու ղե- կավարներ արժանացան գերատեսչական մետալներու եւ պատուոյ գիրերու:
Ապա լրագրողները այցելեցին Հայաստանի Ազգային ժողով, ուր զիրենք ընդունեց Ազգային ժողովի  փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որ կարեւոր նկատելով  սփիւռքեան մամուլի դերը սփիւռքի մէջ  ապրողներուն աշխարհայեացքի ձեւաւորման ծիրին մէջ՝  դիտել տուաւ, թէ բազմաթիւ  հերոսներ սփիւռքեան մամուլին շնորհիւ դաստիարակուած են իբրեւ հերոս: «Այսօր բազմաթիւ են մարտահրաւէրները, եւ մենք միասնական պէտք է ըլլանք՝  դիմակայելու զանոնք եւ հասնելու Հայոց ցեղասպանութեան եւ ժխտողականութեան դատապարտման», ըսաւ ան, նշելով, որ սփիւռքի լրատուամիջոցները ազգային ոգիի,  լեզուի ու մշակոյթի պահպանման, համահայկական խնդիրները նաեւ միջազգային հանրութեան  պատշաճ կերպով ներ- կայացնելու իմաստով մեծ ներդրում ունին: