Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակի վրայ վերջերս զետեղուեցան հայ մեծանուն գրագէտ Եղիշէ Չարենցի եւ յայտնի դերասան Մհեր Մկրտչեանի արձանները, որոնք «տեղաւորուեցան» նստարաններու եզրին՝ տեղ բանալով նաեւ անոնց, որոնք կը փափաքին նստիլ հայոց մեծերու կողքին։
Մհեր Մկրտչեան երեւանցիներուն կը ներկայանայ «01-99» շարժանկարի մէջ իր կերտած յայտնի հերոսի տեսքով, տակառիկը ի ձեռին, գլուխն ալ՝ վիրակապով։ Իր արձանը, համապատասխան նստարանով, զետեղուած է «Մոսկուա» շարժանկարի սրահի դիմաց, իսկ եղիշէ Չարենցի արձան-նստարանը՝ «Երեւան» պանդոկի, ներկայիս, «Կոլտըն Թիւլիփ»ի դիմաց։
Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակիցներէն Արազ Պաղտասարեան ըսաւ որ վայրերը
ընտրուած են նկատի ունենալով հայ մեծանուններու նախասիրութիւնները։ «Օրինակ «01-99» ժապաւէնը առաջին անգամ ցուցադրուած է «Մոսկուա» շարժանկարի սրահին մէջ, իսկ Եղիշէ Չարենց կը սիրէր ճիշդ ա՛յդ վայրին մէջ ժամանակ անցընել», ըսաւ ան։
«Մեր հանճարները մեր կողքին են՝ Երեւան քաղաքի մէջ» նախագիծը պիտի չսահմանափակուի միայն այս երկու արձաններով։ «Մինչեւ 14 Հոկտեմբեր Երեւանի զանազան վայրերու մէջ պիտի զետեղուին եօթը ուրիշ արձաններ եւս։ Այդ ցանկի մէջ ընդգրկուած են հանճարեղ արուեստագէտներ Մինաս Աւետիսեան, Հրաչեայ Ներսիսեան, եւայլն։ Բոլոր փակագիծերը չեմ ուզեր բանալ, թող անակնկալ ըլլայ մեր բնակիչներու համար», ըսաւ ան եւ աւելցուց որ եթէ դրական արձագանգներ ստանան, ծրագիրը շարունակական բնոյթ պիտի ունենայ։
Արազ Պաղտասարեան նշեց որ ասիկա Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի նուէրն է անկախութեան 21-ամեակի եւ «էրէբունի-Երեւան» տօնակատարութիւններու առիթով։