Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի փոխադրամիջոցներու եւ հաղորդակցութեան նախարար Գագիկ Բեգլարեան յայտարարած է, թէ Հայաստան պիտի ունենայ հաղորդակցութեան իր սեփական արբանեակը:


Նախարարը այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսաստանի մէջ՝ տեսակցելէ ետք «Ռուսքոսմոս»ի տնօրէնին հետ՝ ռուսական այն ընկերութեան, որ արբանեակները կը զետեղէ անջրպետային իրենց ծիրերուն մէջ: Հայկականը պիտի գրաւէ 71,4 E տեղը:
Այս արբանեակը պիտի ծառայէ հաղորդակցութեան, գիտական հետազօտութիւններու, ինչպէս նաեւ պաշտպանութեան գետնի վրայ՝ Հայաստանի ապահովութեան ամրապնդման: