Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՄԱԿի բնակչութեան հիմադրամի հայաստանեան գրասենեակի գործադիր ներկայացուցիչ Գարիկ Հայրապետեան ներկայացուց ՄԱԿի 2009ին կատարած հետազօտութեան արդիւնքները, ըստ որոնց՝ Հայաստանի մէջ յառաջիկայ երեք տարիներուն յաջորդ երեխան ունենալու պատրաստակամութիւն յայտնած է հարցուածներու 16 տոկոսը, մինչ 68 տոկոսը բացարձակապէս ընտանիքը մեծցնելու տրամադրութիւն չունի:

Ըստ նոյն արդիւնքներուն,  երիտասարդ ընտանիքներու երեխաներու թիւը միջին հաշուով կազմած է 1.5, մինչդեռ պարզ վերարտադրութեան համար անհրաժեշտ է 2.1 երեխայ: Հարցուածներու 44 տոկոսը ապագան Հայաստանի մէջ չի տեսներ: