Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան «Ստեփանակերտ» օդանաւակայանը պաշտօնապէս սկսած է գործել: Այս մասին կը հաղորդէ News.am-ը:


«Պաշտօնապէս  հաւաստագիր ստացած ենք: Անիկա կը վկայէ  միջազգային չափանիշերուն օդակայանին համապատասխանութեան  եւ օդանաւերու ընդունում-ուղարկում սկսելու իրաւունքի մասին», յայտնած  է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր Քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան պետ Տմիթրի Ադպաշեան՝  աւելցնելով, որ հաւաստագիրը ստացած են 28  Սեպտեմբերին:
Այսպիսով, Ստեփանակերտի օդակայանը յանձնուած է գործարկման: «Մենք աշխատակազմի ժողով գումարած ենք, եւ անոր 35 անդամներուն յանձնուած են պատուոյ գիրեր՝  օդակայանի գործարկման աշխատանքին համար», ըսած է Ադպաշեան:
Շուտով կը նախատեսուի սկսիլ Երեւանէն Ստեփանակերտ եւ յետադարձ թռիչքները: Թռիչքներու սկիզբին  եւ ժամանակացոյցին վերաբերեալ տակաւին յստակ թուական չէ յայտարարուած: