Հայաստանաբնակ յոյներուն համար, թերեւս, մտահոգիչ է համայնքի թիւի կտրուկ նուազումը: «Համայնքի ներկայացուցիչներու զգալի մէկ մասը մեկնած է հայրենիք՝ Յունաստան. այսօր Հայաստանի մէջ մնացած են հիմնականօրէն աւագ սերունդի ներկայացուցիչները:
Համայնքի առջեւ ծանրացած է նաեւ իրարու նկատմամբ աւելի հոգատար դառնալու հարցը, մանաւանդ, որ Յունաստանի մէջ տիրող տնտեսական աղիտալի իրավիճակի պայմաններուն մէջ՝ հայրենիքէն որեւէ օգնութիւն ստանալու հնարաւորութինները նուազած են», կ'ըսէ Նիքոլայիտի Ֆրոնթիկը:
«Հայաստանի յունական համայնքին կը մտահոգեն նոյն հարցերը, ինչ որ հանրապետութեան ամբողջ բնակչութեան», - պատասխանելով panorama.am-ի լրագրողի հարցին՝ ըսաւ Երեւանի յոյներու համայքնի ղեկավար՝ «Պոնտի» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Նիքոլայիտի Ֆրոնթիկը, շեշտելով, որ համայնքի բնակիչներու մեծ մասը ծնած եւ մեծցած է Հայաստանի մէջ եւ այն երբեք հայաստանաբնակ յոյներու համար խորթ չէ եղած:
Ըստ իրեն՝ այսօր միայն մայրաքաղաքին մէջ կը բնակի շուրջ 1300 յոյն, իսկ հ անրապետութեան տարածքին ընդհանուր թիւը կը հասնի շուրջ երկու հազարի:
«Մարդահամարի ժամանակ, թէեւ, շատ է պատահում, երբ կինը յոյն է, ընտանիքի բոլոր անդամներուն հաշուառում են որպէս հայ: Այդ է պատճառը, որ հայաստանաբնակ յոյներու ստոյգ թիւը որոշել հնարաւոր չէ», - ըսաւ ան:
Նիկոլայիդի Ֆրոնտիկի խօսքով՝ յունական համայնքի համար ստեղծուած են բոլոր հնարաւոր պայմաները՝ ազգային լեզուն պահպանելու եւ սորվելու համար:
«Մայրաքաղաքին մէջ յունարէնի դասաւանդումը արդէն երկու տարի է բոլոր ցանկացողներու համար է՝ նոյնիսկ հայերու: Դասերը կամ կիրակնօրեայ են, կամ շաբաթական երկու անգամ»,- ըսաւ ան, տեղեկացնելով, որ յունարէնի դասախօսները կը վարձատրուին Յունաստանի իշխանութիւններուն կողմէ:
Մէկ այլ հարց է, ըստ բանախօսի՝ յունական ծիսակարգով եկեղեցական արարողութիւններ կազմակերպելու հնարաւորութիւններու բացակայութիւնը:
«Յունական համայքնը բազմիցս բարձրաձայնած է այս խնդիրին մասին: Մենք ստիպուած ենք յաճախել ռուսական եկեղեցիներ, բայց ցանկալի էր ունենալ ազգայինը: Յունաստանի մէջ հայկական շատ եկեղեցիներ կան, բայց Երեւանի մէջ՝ ոչ մէկ յունական: Այս հարցը պէտք է լուծում ստանար ռուսական, յունական եւ հայկական եկեղեցիներու ղեկավարներուն կողմէ, բայց երբ հոգեւոր առաջնոդները եկան համաձայնութեան, չներեցին համայնքի ֆինանսական հնարաւորութիւնները»,- ըսաւ Նիկոլայիդի Ֆրոնտիկը:
Հայաստանաբնակ յոյներուն համար, թերեւս, մտահոգիչ է համայնքի թիւի կտրուկ նուազումը, բան մը որ Հայաստանի հետ կապւած հարց չէ: «Համայնքի ներկայացուցիչներու զգալի մէկ մասը մեկնած է հայրենիք՝ Յունաստան. այսօր Հայաստանի մէջ մնացած են հիմնականօրէն աւագ սերունդի ներկայացուցիչները: Եթէ նախապէս, ոեւէ մէկը հիւանդանար, կամ որեւէ խնդիր ունենար, իրեն օգնութեան կը հասնէին ազգականներն ու բարեկամները, իսկ այժմ անոնց թիւը կտրուկ նուազած է, համայնքի առջեւ ծանրացած է նաեւ իրարու նկատմամբ աւելի հոգատար դառնալու հարցը, մանաւանդ, որ Յունաստանի մէջ տիրող տնտեսական աղիտալի իրավիճակի պայմաններուն մէջ՝ հայրենիքէն որեւէ օգնութիւն ստանալու հնարաւորութինները նուազած են», կÿըսէ Նիքոլայիտի Ֆրոնթիկը:
Շարունակելով Յունաստանի մէջ տիրող տնտեսական ճգնաժամի նիւթը՝ Նիկոլայիդի Ֆրոնտիկը տեղեկացուց, որ փակուած է արտերկրի մէջ բնակող հայրենակիցներու աջակցութեան՝ Յունաստանի կառավարութեան ծրագրերու մեծ մասը:
«Եթէ աւելի առաջ հնարաւորութիւն կար այդ ծրագրերով երեխաները կամ թոշակառուները ուղարկել հայրենիք, ապա հիմա այդ բոլոր ծրագրերը փակուած են: Երիտասարդները կը մեկնին հայրենիք, սակայն դժուարութեամբ հոն կը կարողանան հաստատուիլ», -ըսաւ ան՝ տեղեկացնելով, որ եղած են դէպքեր, թէեւ շատ անհատական, երբ յոյները հայրենիքէն վերադարձած են Հայաստան: «Հիմնականին մէջ անոնք խառն ամուսնութեամբ ընտանիքներ էին»,- նշեց երեւանաբնակ յոյներու համայնքի ղեկավարը:
Աղբիւր՝ Panorama.am