Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեանը խօսելով «Օգնութիւն հայրենակիցներին» ռուսական ծրագրով Հայաստանի գիւղերէն կամաւորութեան սկզբունքով մարդոց հաւաքագրման մասին, յայտնեց, որ այդ ծիրէն ներս արդէն 600 ընտանիք տեղափոխուած է Ռուսաստան։

Դարձեալ քննարկելով Հայաստանէն արտագաղթի մասին երեւոյթը, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին, ժողովրդագիր Ռուբէն Եգանեան յայտնեց, թէ 2002-2007ի մէջ Հայաստանէն այլ երկիր մեկնած է 205 հազար մարդ եւ այլեւս չէ վերադարձած։

Ըստ իրեն, նշեալ թիւը Հայաստանի բնակչութեան 6.5-7 տոկոսն է: Անոր ներկայացուցած տուեալներուն համաձայն, 2008ին 22-23 հազար մարդ մեկնած է, 2009ին այդ թիւը կազմած է 25 հազար, իսկ 2010ին՝ 29-30 հազար: Ռուբէն Եգանեանի խօսքով, մեկնողները յատկապէս 20-50 տարեկան անձեր են, եւ այդ իսկ պատճառով կը խախտուի բնակչութեան սեռա-տարիքային կազմը. «Ծնելիութեան 25-30 տոկոս նուազումը պայմանաւորուած է արտահոսքով», ըսաւ ժողորդագիրը, աւելցնելով, որ Հայաստանէն ամէնէն աւելի կը մեկնին Ռուսիա, քանի որ հոն մեկնելու համար արտօնագիրի կարիք չկայ, մինչդեռ արեւմուտքի երկիրները մեկնելու համար կը յառաջանան շարք մը խնդիրներ։

Անոր կարծիքով, արտագաղթի պատճառները հասարակական-տնտեսական են, իսկ գործօնները՝ աշխատանքային եւ հասարակական-հոգեբանական: «Հիմնականում աշխատանքի պակասն է, կամ էլ՝ ունեն աշխատանք, բայց դա հնարաւորութիւն չի տալիս արժանավայել կեանք ապահովել», նշեց Ռուբէն Եգանեան:
Անդրադառնալով արտագաղթ եւ «միկրացիա» եզրերուն՝ ժողովրդագիրը յայտնեց, թէ անոնք, ըստ էութեան՝ նոյն բառերն են, բայց արտագաղթ եզրը մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ տխուր յուշեր կ՛արթնցնէ: «Միկրացիա» եզրը, կը ներառէ հասարակութեան բոլոր տեսակի տեղաշարժները։
Ռուբէն Եգանեան նշեց, որ մարդոց տեղաշարժին վերաբերեալ տեղեկութիւններ կը ստանան քանի մը աղբիւրներէ: Առաջին աղբիւրը մարդահամարն է, երկրորդը՝ արտագաղթի ընթացիկ գնահատումը, երրորդը՝ սահմանահատումներուն տուեալները: Այս բոլոր աղբիւրները կը տրամադրեն թուային տուեալներ, իսկ չորրորդ աղբիւրը՝ ընտրանքային հետազօտութիւնը, կը տրամադրէ նաեւ որակական տուեալներ: Ռուբէն Եգանեանի խօսքով, վերջին հետազօտութեան ձեւը բաւական յաջող է եւ ծախսատար. անիկա Հայաստանի մէջ վերջին անգամ իրականացած է 2007ին՝ ՄԱԿի Ազգաբնակչութեան հիմնադրամին կողմէ: